Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Չինաստանի Դեսպանին Նախկին Խորհրդային Պետութիւններու Գոյութիւնը Հարցականի Տակ Առնելը Կը Զայրացնէ Եւրոպացիները

April 27, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական երկիրները բացատրութիւն պահանջեցին Փեքինէն, երբ Փարիզի մէջ Չինաստանի դեսպանը հարցականի տակ առաւ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու գերիշխանութիւնը, ինչ որ կրնայ ականահարել Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ կարողական միջնորդ նկատուելու Չինաստանի ջանքերը: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Էն.Էն.»-ը:

Ֆրանսայի մէջ Չինաստանի դեսպան Լիւ Շայէի` պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նախկին խորհրդային երկիրները «միջազգային օրէնքի մէջ ազդու կարգավիճակ չունին» խօսքերը դիւանագիտական զարհուրանք յառաջացուցած են, մասնաւորաբար Պալթեան երկիրներուն մէջ:

Ուքրանիայէն, Մոլտովայէն, Ֆրանսայէն ու Եւրոպական Միութենէն պաշտօնատարներ եւս քննադատեցին դեսպանին յայտարարութիւնը, որ ան կատարեց պատասխանելով այն հարցումին, թէ Խրիմը Ուքրանիոյ մաս կը կազմէ՞:

Նշելէ ետք, թէ Խրիմի հարցը «կախում ունի, թէ խնդիրը ինչպէ՛ս կ՛ընկալուի», որովհետեւ այդ շրջանը «սկիզբը ռուսական էր» եւ ետքը «խորհրդային ժամանակաշրջանին Ուքրանիոյ նուիրուեցաւ»: Դեսպանը աւելցուցած է. «Նոյնիսկ այս նախկին խորհրդային երկիրները միջազգային օրէնքի մէջ ազդու կարգավիճակ չունին, որովհետեւ անոնց իբրեւ գերիշխան երկիրներ կարգավիճակը ամրագրող միջազգային համաձայնութիւն չկար»:

Ֆրանսայի մէջ Չինաստանի դեսպանատունը հետագային յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ դեսպանին խօսքերը «քաղաքականութեան յայտարարութիւն չէ, այլ անձնական տեսակէտներու արտայայտում»: «Տարածքային գերիշխանութեան վերաբերեալ չինական կողմին դիրքորոշումը հաստատ ու յստակ է: Չինական կողմը կը յարգէ բոլոր երկիրներուն գերիշխանութիւնը, անկախութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը, եւ կը պաշտպանէ ՄԱԿ-ի ուխտի նպատակներն ու սկզբունքները», նշած է դեսպանատունը` աւելցնելով, որ Չինաստանը Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք «առնչակից երկիրներուն հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատող առաջին երկիրներէն էր… Չինական կողմը կը յարգէ Խորհրդային Միութեան լուծարումէն ետք ծնած հանրապետութիւններուն իբրեւ գերիշխան երկիրներ կարգավիճակը»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նոյնպիսի կեցուածք արտայայտած է:

Նախորդը

«Ես Կը Վկայեմ Լիբանանի Նկատմամբ Ձեր Սիրոյն Եւ Հաւատարմութեան, Որովհետեւ Ապրած Էք Հայրենիքի Կորուստը, Հետեւաբար Գիտէք Հայրենիքի Արժէքը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Ռուսիա Եւ Թուրքիա Քննարկած Են Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Հարցը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.