Սուրիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարները երկուշաբթի, 1 մայիսին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ գումարեցին խորհրդակցական ժողով մը, որուն աւարտին հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը հաստատէ առաջնահերթութիւնը սուրիական տագնապին քաղաքական համապարփակ լուծումի մը, որ կը պահպանէ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը, կը բաւարարէ անոր ժողովուրդի ձգտումները, զայն կը փրկէ ահաբեկչութենէն եւ կ՛երաշխաւորէ գաղթականներուն անվտանգ ու կամաւոր տունդարձը` Սուրիոյ պետութեան հետ համակարգումի ճամբով:
Հաղորդագրութիւնը կը շեշտէ սուրիական տագնապին շրջանային եւ միջազգային ժխտական անդրադարձներուն վերջ տալու կարեւորութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց, որ տագնապի քաղաքական լուծումը յանգեցնէ Սուրիայէն բոլոր ապօրինի օտար ուժերու հեռացման, ազգային հաշտութիւն իրականացնէ եւ վերականգնէ Սուրիոյ անվտանգութիւնը, կայունութիւնը, բարօրութիւնն ու դերակատարութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց` մարդասիրական ու բժշկական օժանդակութիւնները հասցնելու սուրիացի ժողովուրդին անոնց կարիքը ունեցող բոլորին, ուր որ ալ անոնք գտնուին, եւ ատոր իրագործման համար գործակցելու Սուրիոյ կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի առնչակից մարմիններուն հետ` ՄԱԿ-ի առնչակից որոշումներուն համահունչ:
Հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց` ամրապնդելու Սուրիոյ կառավարութեան ու գաղթականները հիւրընկալող պետութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը, եւ ՄԱԿ-ի առնչակից մարմիններուն հետ համակարգումը, կազմակերպելու համար գաղթականներուն կամաւոր եւ անվտանգ վերադարձի գործողութիւններ:
Հաղորդագրութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց` միջազգային ընտանիքի եւ ՄԱԿ-ի հետ աշխատանքը աշխուժացնելու Սուրիոյ կանուխէն վերականգնման ծրագիրներու գործադրութեան արագացման ուղղութեամբ:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ պէտք է սուրիական կառավարութեան, առնչակից պետութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի միջեւ համագործակցութիւն տեղի ունենայ` յստակացնելու համար ամէն տեսակի ահաբեկչութեան ու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը` վերջ տալու համար սուրիական հողերուն վրայ անոնց գոյութեան եւ վնասազերծելու շրջանային ու միջազգային անվտանգութեան սպառնալու անոնց կարողութիւնը:
Ամմանի ժողովի մասնակիցները նաեւ ընդգծեցին կարեւորութիւնը աշխատանք տանելու` աջակցելու Սուրիոյ իր հողերուն վրայ իր վերահսկողութիւնը հաստատելու, կարգ ու կանոն հաստատելու եւ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներուն իր հողերուն վրայ գոյութեան վերջ տալու արդար ջանքերուն` կոչ ուղղելով վերջ տալու Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւններուն:
Արաբ արտաքին գործոց նախարարները իրենց սուրիացի պաշտօնակիցին հետ համաձայնութիւն գոյացուցին օրակարգին շուրջ բանակցութիւններուն, որոնք պիտի շարունակուին ըստ ժամանակացոյցի մը, որուն շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ: Անոնք նաեւ համաձայնեցան կազմելու փորձագէտներու մակարդակով թեքնիք խումբ մը, որ պիտի զբաղի այս ժողովի արդիւնքներուն հետապնդումով եւ յաջորդ քայլերուն ճշդումով:
Նշենք, որ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի եւ անոր սուրիացի պաշտօնակից Ֆայսալ Մըքտատ Ամմանի խորհրդակցական ժողովէն առաջ քննարկեցին Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու աշխատանքին մէջ արաբական դերակատարութեան նախաձեռնումին համար թափուող ջանքերը եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Յորդանանեան դիւանագիտութեան պետը հինգ երկիրներու խորհրդակցական ժողովի աւարտէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական հոլովոյթին մէջ մարտահրաւէրները մեծ են, եւ այդ մարտահրաւէրները դիմակայելու համոզումը ունինք»` նշելով, որ ժողովը «լաւ էր եւ դրական»:
Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ` Արաբական լիկա վերադարձը «որոշում մըն է, որ արաբական երկիրները կու տան, եւ պիտի որդեգրուի լիկային մէջ, ըստ անոր մեքանիզմներուն»:
Նշենք, որ Յորդանան Սուրիոյ կոչ ուղղած էր` արաբական երկիրներուն հետ աշխատելու սուրիական տագնապին վերջ տալու, սուրիացի գաղթականներուն, արգելափակեալներուն, թմրեցուցիչներու մաքսանենգման, միլիսներուն հարցերը լուծելու համար ճամբու քարտէս մը կազմելու` նկատի ունենալով, որ այդ բոլոր հարցերը կ՛ազդեն դրացի երկիրներուն վրայ: