Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնան: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Քոլոնա Պաքու հասնելէ ետք յայտարարած էր, որ Ֆրանսան գիտէ, թէ շրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանումը որքա՛ն կարեւոր է:
«Եկած եմ Պաքու` սկսելու իմ ճամբորդութիւնս դէպի Կովկաս` Ազրպէյճան, Հայաստան, ապա Վրաստան: Ֆրանսան գիտէ, թէ շրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանումը որքա՛ն կարեւոր է: Ան վճռականօրէն յանձնառու է ատոր: Այս է այն ուղերձը, որ ես պիտի յղեմ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած էր ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:


