Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատերազմի Պատճառով Ռուսիոյ Հեղինակութիւնը Ազատ Անկումի Մէջ Է» Կ՛ըսէ Դեսպան Թրէյսի

April 29, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուին «ամէնէն ցած կէտերէն մէկուն վրայ», «Քոմերսանթ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Մոսկուայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի:

Ան կ՛ընդգծէ, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի պատճառով Ռուսիոյ հեղինակութիւնը «ազատ անկումի մէջ է»: Ամերիկացի դիւանագէտը ռուսական մամուլին տուած իր առաջին հարցազրոյցին մէջ ըսած է. «Տխուր է տեսնել, թէ Ռուսիան ո՛ր ուղղութեամբ կ՛երթայ: Անիկա կարծես կը շարժի դէպի անցեալ` բռնաճնշումներու ժամանակաշրջան»:

«Տխուր եւ մտահոգիչ է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս այլակարծութեան եւ յիշողութեան ձայները կրկին կը խլացուին: Եւ այստեղ, գիտէք, հարցում կը յառաջանայ` ատիկա ինչո՞վ կ՛օգնէ Ռուսիոյ ապագային: Որովհետեւ հիմա ուքրանացիներն ալ աւելի վճռական են անդամակցելու ՕԹԱՆ-ին: Եւ ոչ միայն ուքրանացիները, այլ նաեւ Ֆինլանտան ու Շուէտը, երկիրներ, որոնք երկար ժամանակ չէզոք էին: Ֆինլանտան նոր միացած է ՕԹԱՆ-ին, եւ մենք կ՛ակնկալենք, որ յաջորդը Շուէտը պիտի ըլլայ: Հետեւաբար, երբ կը լսեմ, թէ Ռուսիոյ մէջ ինչպէ՛ս այս բոլոր գործողութիւնները կը բացատրուին անվտանգութեան նկատառումներով, եւ յետոյ կը նայիմ ներկայ կացութեան, չեմ կրնար գտնել այն հարցումին պատասխանը, թէ այս ամէնը ինչպէ՞ս նպաստած է Ռուսիոյ անվտանգութեան ամրապնդման», ըսած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

Դիւանագէտը ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ կառավարութեան միջեւ տարակարծութիւնները «Ռուսիոյ ժողովուրդին հետ տարակարծութիւններ չեն»:

«Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ Միացեալ Նահանգներ ռուսերը չեն նկատեր իբրեւ թշնամի: Հիմա շատ կը խօսուի ռուսատեացութեան, Ռուսիոյ չեղեալ նկատուելուն, Ռուսիոյ ապագային չեղեալ նկատուելուն մասին: Միացեալ Նահանգներու նպատակը այդ չէ: Եւ մենք, անշուշտ, ոչ մէկ կերպով կ՛ուզենք վերացնել Ռուսիոյ ժողովուրդը»:

Ըստ Թրէյսիի, Ուքրանիոյ մէջ ռուսական պատերազմը տկարացուցած է Ռուսիան եւ «ռուսերուն ստիպած է վճարել գին մը, որ ժամանակի ընթացքին միայն պիտի աւելնայ: Եւ նորէն կը յառաջանայ հիմնական հարցումը` այս ամէնը ինչպէ՞ս պիտի օգնէ Ռուսիոյ ապագային, անոր զարգացման, անոր երիտասարդութեան ապագային, անոր յաջորդ սերունդին», հարցուցած է դիւանագէտը:

Դեսպանը Ռուսիոյ կոչ ուղղած է վերադառնալու Ռազմավարական սպառազինութիւններու պայմանագիրին, ազատ արձակելու «Ուոլ Սթրիսթ Ճըռնըլ»-ի ձերբակալուած լրագրող Էւըն Կերշքովիչը եւ լրտեսութեան համար դատապարտուած ամերիկացի Փոլ Ուելընը:

 

Նախորդը

Ճատրակ. Հայկ Մ. Մարտիրոսեան Տիտղոսակիր` Ասթանայի Մէջ

Յաջորդը

Նեփենզիա. «Սահմաններու Ճամբով Սուրիա Մարդասիրական Օժանդակութիւններու Տեղափոխման Մեքանիզմը Իր Ներուժը Սպառեց Եւ Այլ Նպատակներու Կ՛օգտագործուի»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.