Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Դամասկոս Այցելելով Հանդիպում Ունեցաւ Ասատի Հետ

April 19, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան երէկ կէսօրէ ետք հասաւ Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի համաձայն, սէուտական դիւանագիտութեան պետը Ասատի հետ քննարկած է Սուրիան պահպանող քաղաքական լուծումի մը հասնելու համար թափուած ջանքերը:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առիթով հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «թագաւորութիւնը նախանձախնդիր է Սուրիան իր արաբական շրջապատ վերադարձնելու»` աւելցնելով. «Արտաքին գործոց նախարարի Սուրիա այցելութիւնը տագնապին քաղաքական լուծման հասնելու թագաւորութեան նախանձախնդրութեան ծիրին մէջ է»:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Սէուտական Արաբիան նախանձախնդիր է եւ հետաքրքրուած հասնելու սուրիական տագնապին քաղաքական լուծումի մը, որ վերջ կու տայ այդ տագնապի բոլոր հետեւանքներուն, կը պահպանէ Սուրիոյ միութիւնը, անվտանգութիւնը, կայունութիւնը, արաբական ինքնութիւնը եւ զայն կը վերադարձնէ արաբական շրջապատ:

«Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը Պաշշար Ասատի հետ քննարկեց Սուրիոյ իր արաբական շրջապատ վերադառնալու եւ իր բնական դերակատարութիւնը շարունակելու առիթները», աւելի ուշ հաղորդեց նախարարութիւնը:

Պըն Ֆարհան իշխանը Սուրիոյ նախագահին յայտնած է, որ թագաւորութիւնը նախանձախնդիր է Սուրիոյ միութեան, ինքնութեան եւ անվտանգութեան, եւ շեշտած է Սուրիոյ բոլոր հողերուն վրայ օժանդակութիւնները հասցնելու մթնոլորտ ապահովելու կարեւորութիւնը:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ երկու կողմերը ընդգծած են կարեւորութիւնը քաղաքական լուծման, որ կ՛իրականացնէ ազգային շահերը` նշելով, որ անոնք Սուրիոյ մէջ համապարփակ լուծման իրագործման քայլերը քննարկած են:

Սուրիոյ նախագահական պալատը իր կարգին հաղորդեց. «Նախագահ Ասատ պըն Ֆարհանի ճամբով Սալման թագաւորին ու գահաժառանգին յայտնեց իր ողջոյնները` ընդգծելով, որ արաբները միացնող եղբայրութիւնը կը մնայ ամէնէն խորը»:

«Աշխարհի վրայ արձանագրուող փոփոխութիւնները արաբական համագործակցութիւնը ներկայ փուլին աւելի կարեւոր կը դարձնեն», ըսած է Ասատ` աւելցնելով. «Սէուտական Արաբիոյ կիրարկած բաց եւ իրապաշտ քաղաքականութիւնները ի շահ արաբական պետութիւններուն ու շրջանին են»:

«Արաբական եղբայրական դերակատարութիւնը կարեւոր է սուրիացի ժողովուրդին աջակցելու, որպէսզի ան շրջանցէ Սուրիոյ դէմ պատերազմի բոլոր հետեւանքները, ինչպէս նաեւ կացութեան կայունութեան եւ Սուրիոյ ամբողջ հողերու ազատագրման համար», նշած է Ասատ:

Պըն Ֆարհան իր կարգին յայտնած է, որ իր երկիրը վստահ է, որ Սուրիան ու անոր ժողովուրդը կարողութիւնը ունին շրջանցելու պատերազմի հետեւանքները եւ մնայուն բարգաւաճում արձանագրելու` վստահեցնելով, որ Սէուտական Արաբիան կը կանգնի Սուրիոյ կողքին եւ կ՛աջակցի այն բոլորին, որոնք կը պահպանեն սուրիական հողերուն միութիւնը, Սուրիոյ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, եւ տեղահանուածներու ու գաղթականներու տունդարձի յարմար մթնոլորտ կը ստեղծեն:

«Յառաջիկայ փուլը կը պահանջէ, որ Սուրիոյ եւ եղբայր արաբական պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնը վերադառնայ իր առողջ վիճակին, եւ Սուրիոյ արաբական եւ շրջանային դերակատարութիւնը վերականգնի ու ըլլայ նախկինէն աւելի լաւ», նշած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Ասիկա անցնող 12 տարիներու ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարի առաջին այցելութիւնն է Սուրիա:

Նշենք, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ քանի մը օր առաջ այցելած էր Ժետտա, ուր հանդիպում ունեցած էր իր սէուտցի պաշտօնակիցին հետ: Սէուտական Արաբիան ալ ուրբաթ օր հիւրընկալած էր Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու, Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Իրաքի մասնակցութեամբ ժողով մը` քննարկելու համար Դամասկոսի արաբական շրջապատ վերադարձի հարցը:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ երէկ Թունուզի նախագահին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Թունուզի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը յառաջիկայ օրերուն պիտի բացուի, եւ դեսպան ու դիւանագիտական անձնակազմ պիտի ուղարկուի»:

Նախորդը

Փութին Այցելեց Խերսոն

Յաջորդը

Սիսի Սուտանի Մէջ Իր Միջնորդութիւնը Կ՛առաջարկէ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.