Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա Եւ Թուրքիա Քննարկած Են Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Հարցը

April 27, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ, Իրանի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են Սուրիոյ մէջ ապահովութեան ամրապնդման ու թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցերը:

25 ապրիլին Մոսկուայի մէջ գումարուած քառակողմ ժողովի մասնակիցները յայտնած են, որ կը փափաքին պահպանել Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ գաղթականները իրենց երկիրը վերադարձնելու ջանքերը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը ընդգծած են:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին մասնաւոր կարեւորութիւն ընծայուած է Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական սպառնալիքներու դիմակայման ու ծայրայեղական խմբաւորումներու դէմ պայքարին:

Պաշտպանութեան նախարարները ընդգծած են այս ձեւաչափով երկխօսութեան շինիչ բնոյթը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ շրջանի կայունութիւնը ամրապնդելու համար զայն շարունակելու կարեւորութիւնը:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Սուրիոյ եւ Իրանի միջեւ քառակողմ ժողովը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերող որոշակի քայլեր քննարկած է:

Քննարկուած է սուրիացի գաղթականներու տունդարձի ջանքերը աշխուժացնելու հարցը, ինչպէս նաեւ սուրիական հողերուն վրայ ահաբեկչական ու ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ պայքարի հարցը:

Իրանի պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ Ռիտա Աշթիանի յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար Իրանի եւ Ռուսիոյ ջանքերը Մոսկուայի մէջ քառակողմ ժողովի գլխաւոր նպատակներէն մէկն էին:

«Իրան լուրջ ջանք կը թափէ շրջանին մէջ ազդեցիկ երկու դրացիներ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղղակի յարաբերութիւններու հաստատման համար եւ կը զօրակցի երկու երկիրներուն միջեւ հասարակաց ջանքերուն», ըսաւ Իրանի պաշտպանութեան նախարարը:

«Իրանը, իբրեւ շրջանային հաւասարակշռութեան մէջ ազդեցիկ պետութիւն, միշտ լրջօրէն աշխատած է շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան համար: Մոսկուայի մէջ քառակողմ ժողովին մեր ներկայութիւնը ատոր շօշափելի օրինակն է», ըսաւ ան:

«Ահաբեկչութեան բոլոր ձեւերուն դէմ պայքարը շրջանին մէջ բոլոր երկիրներուն փափաքն է, եւ այդ հարցը պիտի իրականանայ միայն հասարակաց ջանքերու, համակարգումի եւ գործակցութեան ճամբով», նշեց Իրանի պաշտպանութեան նախարարը:

Նախորդը

Փարիզի Մէջ Չինաստանի Դեսպանին Նախկին Խորհրդային Պետութիւններու Գոյութիւնը Հարցականի Տակ Առնելը Կը Զայրացնէ Եւրոպացիները

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Առիթով Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Կատարած Գրառումները

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.