Պայտըն-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այսօր Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ նախատեսուած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի նախօրեակին հեռաձայնած է եւ զրուցած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ գրասենեակը: Անոնք քննարկած են Ուքրանիոյ եւ Շուէտի անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ին: Էրտողան իր ամերիկացի պաշտօնակիցին յայտնած է, որ Սթոքհոլմ ճիշդ ուղղութեամբ քայլեր առած է, որպէսզի Անգարան վաւերացնէ դաշինքին իր անդամակցութեան դիմումը,...




















