Քրեմլինը հետաքրքրութեամբ կը սպասէ արդիւնքներուն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ բանակցութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 7 յուլիսին Պոլսոյ մէջ: Ռուսական «Իզ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Ի հարկէ, մենք շատ ուշադիր պիտի հետեւինք բանակցութիւններու արդիւնքներուն, մենք կը պահպանենք Անգարայի հետ մեր կառուցողական, գործընկերային յարաբերութիւնները: Մենք շատ բարձր կը գնահատենք այդ յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ վերաբերմունք կը զգանք թրքական կողմէն: Ուստի, ի հարկէ, մեզի համար հետաքրքրական պիտի ըլլայ պարզել, թէ պարոն Էրտողանի եւ պարոն Զելենսքիի միջեւ ի՛նչ պիտի քննարկուի», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը:
Փեսքով նշած է, որ Թուրքիոյ նախագահը բազմիցս մեծ ջանքեր գործադրած է Ուքրանիոյ մէջ տագնապը լուծելու համար` կատարելով միջնորդի դեր: Եւ ատիկա միշտ բարձր գնահատուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ: Խօսելով Էրտողանի եւ անոր ռուս պաշտօնակիցին միջեւ հետագայ հանդիպման կարելիութեան մասին` Քրեմլինի բանբերը ատիկա չէ բացառած:


