Պաքուի Մէջ Ալիեւ-Ապտոլլահեան Հանդիպում
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 5 յուլիսին ընդունած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը, որ Պաքու կը գտնուէր մասնակցելու համար Ոչ յանձնառու պետութիւններու շարժումի հաւաքին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, Ապտոլլահեան Ալիեւին վստահեցուցած է, որ Իրանի իրաւապահները «լուրջ հետաքննութիւն կը կատարեն Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան յարձակումին» գործով: Իրանեան դիւանագիտութեան ղեկավարը յոյս յայտնած է,...




















