Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Վակներ»-ի ըմբոստութենէն օրեր ետք հանդիպում ունեցած է անոր ղեկավարին հետ:
Եւկենի Փրիկոժինի հետ 3 ժամ տեւողութեամբ հանդիպումը տեղի ունեցած է 29 յունիսին: Փութին Ուքրանիոյ պատերազմի դաշտին վրայ «Վակներ»-ի քայլերուն եւ «24 յունիսի դէպքերուն» վերաբերեալ իր «գնահատականը» ներկայացուցած է: Ան մտիկ ըրած է հրամանատարներու բացատրութիւնները եւ անոնց ընտրանքներ ներկայացուցած է յաւելեալ պաշտօնավարման ու կռիւի մասնակցութեան համար: Վերջիններս իրենց կարգին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ իրենց կարծիքը ներկայացուցած են, եւ ընդգծած, որ հաստատ աջակիցներ են պետութեան ղեկավարին ու գերագոյն հրամանատարին, ինչպէս նաեւ նշած, որ պատրաստ են իրենց հայրենիքին համար կռիւը շարունակելու:
«Ժողովին մասնակցեցան 35 անձեր, ներառեալ «Վակներ»-ի հրամանատարներ եւ սեփական զինուորական ընկերութեան ղեկավարութիւնը, մասնաւորաբար ինքնին Փրիկոժինը», ըսաւ Փեսքով: