Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այսօր Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ նախատեսուած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի նախօրեակին հեռաձայնած է եւ զրուցած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ գրասենեակը:
Անոնք քննարկած են Ուքրանիոյ եւ Շուէտի անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ին:
Էրտողան իր ամերիկացի պաշտօնակիցին յայտնած է, որ Սթոքհոլմ ճիշդ ուղղութեամբ քայլեր առած է, որպէսզի Անգարան վաւերացնէ դաշինքին իր անդամակցութեան դիմումը, սակայն այդ քայլերը անօգուտ են, որովհետեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) համակիրները կը շարունակեն Շուէտի մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպել:
Երկու երկիրներու նախագահները նաեւ քննարկած են ամերիկեան «ԷՖ-16» հալածիչներու Թուրքիոյ մատակարարման հարցը: