Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շեշտեց. «Հաւանական դաշնակից մը պէտք չէ պատժամիջոցներ կամ սահմանափակում հաստատէ դէպի Թուրքիա զինուորական մատակարարումներուն դէմ»:
«Պէտք է բառացիօրէն յարգել Թուրքիոյ, Շուէտի եւ Ֆինլանտայի միջեւ կնքուած եռակողմ համաձայնութիւններուն պահանջները», շեշտեց ան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Պրիւքսելի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադառնալով Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հոլովոյթին ըսաւ. «Շուէտ օրէնսդրական փոփոխութիւններու քայլեր որդեգրեց, սակայն ատիկա պէտք է գետնի վրայ արտացոլում գտնէ: ՕԹԱՆ-ին անդամակցիլ փափաքող երկիրներ պայման է, որ վճռական դիրքորոշում որդեգրեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին նկատմամբ»:
«Ահաբեկչական խմբաւորումներու Շուէտի մէջ գործունէութիւնը կը շարունակուի, ուստի Թուրքիոյ համար օրէնսդրական փոփոխութիւնները անիմաստ կը մնան», նշեց Ֆիտան` հարց տալով. «Ահաբեկչական խմբաւորումներուն օգնող գործունէութիւնը արտօնող պետութիւն մը ինչպէ՞ս կրնայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասնակից դառնալ: Ատիկա քննարկելի հարց է»:
«Եթէ ՔԱԿ-ի եւ Կիւլենի նման ահաբեկչական խմբաւորումներն ու անոնց պատկանող կառոյցները շարունակեն Շուէտի փողոցներուն մէջ իրենց ցոյցերը, եւ եթէ կարող են անդամագրութիւն կատարել եւ այդ երկրին մէջ ֆինանսական աղբիւրներու հասնիլ, ապա օրէնսդրական փոփոխութիւնները մեզի համար անիմաստ են», ըսաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
«Թուրքիան չի կրնար Շուէտի մէջ Քորանի հրկիզումին եւ իսլամներու սրբութիւններու ոտնահարման առնչութեամբ աչք փակել», յայտնեց Ֆիտան:
Աւելի ուշ, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ Պրիւքսելի մէջ Թուրքիոյ, Շուէտի եւ Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Շուէտը 11-12 յուլիսին Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին պիտի չհասնի անդամակցիլ ՕԹԱՆ-ին, որովհետեւ Թուրքիոյ կողմէ նախքան վեհաժողովը դիմումի վաւերացումը կարելի պիտի չըլլայ ապահովել:
«Վաւերացումը չի կրնար կատարուիլ մինչեւ յաջորդ երկուշաբթի, սակայն մենք կրնանք քաղաքական որոշումին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել», ըսաւ Սթոլթենպերկ:
Ան նշեց, որ 10 յուլիսին Վիլնիուսի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ու Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսոնի հետ եւ պիտի քննարկէ մնացեալ տարակարծութիւններու լուծման կարելիութիւնները:
«Այսօր յառաջխաղացք ապահոված ենք, մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ նաեւ շաբաթավերջին, իմ առաքելութիւնս է Թուրքիայէն երաշխիքներ ստանալ Շուէտի դիմումը վաւերացնելու վերաբերեալ», ըսած է Սթոլթենպերկ:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 5 յուլիսին Սպիտակ տան մէջ Շուէտի վարչապետին հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած էր. «Անհամբերութեամբ կը սպասենք, որ Շուէտը միանայ ՕԹԱՆ-ին», եւ հաւաստած, որ այդ հարցին մէջ անվերապահօրէն կ՛աջակցի Շուէտին:
Երկու ղեկավարները կարծիք յայտնած էին, որ Շուէտի դիմումին հաւանութիւն տալու առաւել բարենպաստ պահը կրնայ Վիլնիուսի մէջ յառաջիկայ օրերուն գումարուելիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը ըլլալ:
Պայտըն պիտի մեկնի Եւրոպա, ուր Լիթուանիոյ մայրաքաղաքին մէջ պիտի մասնակցի ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին:


