Իրանը դրացի երկիր է, եւ Ազրպէյճանը միշտ շահագրգռուած եղած է Իրանի հետ յարաբերութիւններու դրական զարգացումով: Այս մասին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Ան նշած է, որ վերջին շրջանին կողմերուն միջեւ լարուածութիւն յառաջացած է:
«Ատոր համար լուրջ պատճառներ կան: Մենք դրական կը գնահատենք Իրանի արտաքին գործոց նախարարի (Պաքու) այցելութիւնը: Ատոր ընթացքին մենք կարելիութիւն ունեցանք քննարկելու յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Մենք կը զգանք Իրանի` յարաբերութիւնները կարգաւորելու լուրջ մտադրութիւնը: Ազրպէյճանը նոյնպէս համարժէք քայլեր պիտի ձեռնարկէ», ըսած է նախարարը:
Ան աւելցուցած է, որ շուտով պիտի կայանայ Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ տնտեսական, առեւտուրի եւ մարդասիրական համագործակցութեան պետական յանձնախումբի համանախագահներու հանդիպումը:
Պայրամով աւելցուցած է, որ Ազրպէյճան կ՛ուզէ, որ «Իրանի մէջ (Ազրպէյճանի) դեսպանատան վրայ յարձակման մեղաւորները պատժուին»:
Անոր համաձայն, Պաքուն այս հարցին մէջ լուրջ ակնկալութիւններ ունի:
Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը 29 յունուար 2023-ին դադրեցուց իր աշխատանքը: Ներկայիս Թաւրիզի մէջ կը գործէ միայն Ազրպէյճանի ընդհանուր հիւպատոսարանը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը նախապէս հաղորդած էր, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան բարձր գնահատած է 5 յուլիսին Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումը:
«Կայացաւ կառուցողական, երկարատեւ եւ արդիւնաւէտ հանդիպում Ազրպէյճանի յարգելի նախագահին հետ: Կ՛ենթադրուի, որ այս անկեղծ զրոյցը նոր էջ պիտի բանայ բարեկամական եւ եղբայրական երկու դրացիներու յարաբերութիւններուն մէջ եւ պիտի հիասթափեցնէ չարակամները», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Ապտոլլահեան:
Ազրպէյճանի նախագահը եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպած են Պաքուի մէջ Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի վեհաժողովի ծիրին մէջ:


