Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան պիտի զօրակցի, պայմանով որ Եւրոպական Միութիւնը վերստին ընթացքի մէջ դնէ իր երկրին` միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները:
Էրտողան Լիթուանիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցելու մեկնելէ առաջ յայտնեց. «Նախ եւ առաջ բացէք Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան առջեւ ճամբան, ապա զայն կը բանամ Շուէտի առջեւ, ճիշդ ինչպէս ճամբան բացինք Ֆինլանտայի առջեւ»:
Ան աւելցուց, որ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի մասնակից ղեկավարներուն պիտի փոխանցէ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութիւն ստանալու վերաբերեալ իր սպասումները:
Էրտողան նաեւ յայտնեց. «Ռուս-ուքրանական պատերազմին վերջ տալը պիտի դիւրացնէ Քիեւի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը»:
Սպիտակ տունը ակնարկելով Էրտողանի յայտարարութեան նշեց. «Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը միութեան եւ Անգարայի միջեւ հարց է»: