Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են այսօր Վիլնիուսի մէջ գումարուելիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի հարցը եւ ռուս-ուքրանական պատերազմի ընթացքը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:
Պլինքըն ընդգծած է, որ «եկած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին միանալու ժամանակը», եւ նշած. «Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան հետզհետէ կ՛ընդարձակեն պաշտպանական բնագաւառին մէջ իրենց համագործակցութիւնը»:
Բացի ատկէ, ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը խօսած է ՄԱԿ-ի գծով Սուրիոյ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու համաձայնութիւնը անյապաղ կարգով յաւելեալ 12 ամիսով երկարաձգելու անհրաժեշտութեան մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնած Թուրքիոյ` այդ խնդիրին սատարելուն համար: