Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Ուքրանիոյ Տարանջատուող Ռումբեր Պիտի Տրամադրէ

Յուլիս 10, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պայտընի վարչակազմը հազարաւոր տարանջատուող ռումբեր պիտի տրամադրէ Ուքրանիոյ: Ուրբաթ օր այս մասին յայտնած էր Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն` խոստանալով, որ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիան անպաշտպան պիտի չձգեն, եւ որ Քիեւ խոստացած է զգուշութեամբ օգտագործել վիճայարոյց զինամթերքը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շաբաթ օր «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ուքրանիոյ այդ վիճայարոյց զինամթերքը տալը իրեն համար «դժուար որոշում» մըն էր, սակայն համոզուած է, որ անհրաժեշտ էր, որովհետեւ Ուքրանիոյ զինամթերքը կը սպառի, եւ իրենց մօտ անոնց այլընտրանք եղող ռումբերու պաշարը խիստ նուազած է:

«Եուրոնիուզ» այս առնչութեամբ կը գրէ. «Որոշումը տրուած է Լիթուանիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի նախօրէին, ուր նախագահ Ճօ Պայտըն, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի առերեսուի դաշնակիցներու հարցումներուն, թէ ինչո՛ւ Միացեալ Նահանգներ զէնք ուղարկած են Ուքրանիա, ինչ որ դաշինքի անդամներու աւելի քան երկու երրորդը արգիլած է, որովհետեւ անիկա քաղաքային բնակչութեան շրջանակին մէջ բազմաթիւ զոհեր կը պատճառէ»:

Չպայթած ռումբերը, որոնք յաճախ իբրեւ աղբ կը յայտնուին մարտադաշտերու եւ բնակուած վայրերու մէջ, կը յանգեցնեն չնախատեսուած մահերու:

«Մենք կը գիտակցինք, որ տարանջատուող զինամթերքը կը ստեղծէ քաղաքայիններու վնաս պատճառելու վտանգ», ըսած է ան` աւելցնելով. «Ահա թէ ինչո՛ւ մենք այս որոշումը յետաձգեցինք այնքան ժամանակ, որքան կրնայինք»:

Զախարովա. «Քիեւի Վարչակարգին Տարանջատուող
Զինամթերք Մատակարարելու Որոշումը Ուաշինկթընի
Հակառուսական Ընթացքին Հերթական Բացայայտ Դրսեւորումն Է»

Ճօ Պայտընի վարչակազմի Քիեւի վարչակարգին տարանջատուող զինամթերք մատակարարելու որոշումը Միացեալ Նահանգներու յարձակողական հակառուսական ընթացքին հերթական բացայայտ դրսեւորումն է, որ ուղղուած է Ուքրանիոյ մէջ տագնապն ու պատերազմը «մինչեւ վերջին ուքրանացին» երկարաձգելուն: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Ըստ Զախարովայի, ասիկա «Ուքրանիոյ ներկայ իշխանութիւններու հոգեվարքը երկարաձգելու շնական փորձ է` հաշուի չառնելով քաղաքային զոհերը»:

«Ուաշինկթըն քաջ կը գիտակցի, որ ուքրանացիներու այդ անխտրական օգտագործման զէնքերը «զգուշ» եւ «պատասխանատու» օգտագործելու մասին «խոստումները» արժէք չունին: Ինչպէս ամէն անգամ տեղի ունեցաւ, երբ Միացեալ Նահանգներ-ՕԹԱՆ-ի աւելի շատ մահացու սպառազինութեան համակարգեր Ուքրանիոյ յանձնուեցան», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

 

Նախորդը

Պայրամով. «Վերջին Շրջանին Պաքուի Եւ Թեհրանի Միջեւ Լարուածութիւն Յառաջացած Է. Ատոր Համար Լուրջ Պատճառներ Կան»

Յաջորդը

Էրտողան. «Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Պատերազմին Մէջ Արդար Ու Հաւասարակշռուած Դիրքորոշում Որդեգրեցինք»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?