Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին. «Կան Որոշակի Հարցեր, Որոնց Շուրջ Մենք Տարակարծութիւններ Ունինք. Անգարայէն Բացատրութիւն Կ՛ակնկալենք»

Յուլիս 11, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլինը յոյսով է, որ այլ երկիրներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու զարգացումը ուղղուած պիտի չըլլայ Ռուսիոյ դէմ. բացի ատկէ, Քրեմլին Անգարայէն բացատրութիւն կ՛ակնկալէ թրքական տարածքին մէջ գտնուող ուքրանական «Ազով» ազգային գումարտակի հրամանատարները Քիեւին յանձնելու առնչուած կացութեան վերաբերեալ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

Քրեմլինի բանբերէն խնդրած են գնահատել վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար Թուրքիա գտնուող «Ազով»-ի հրամանատարներու Քիեւ տեղափոխումը, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ մէջ թրքական «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան գործարանի շինարարութեան մեկնարկը:

«Ի հարկէ, իբրեւ ժամանակակից պետութիւն, Թուրքիան բացարձակ իրաւունք ունի զարգացնելու իր յարաբերութիւնները որեւէ երկրի հետ, ներառեալ Ուքրանիան: Սակայն, ի հարկէ, ըլլալով Թուրքիոյ հետ գործընկեր, մենք կ՛ուզենք յուսալ, որ այդ յարաբերութիւններու զարգացումը ուղղուած պիտի չըլլայ մեր դէմ», ըսած է ան:

«Ի հարկէ, մեր երկխօսութեան ընթացքին մենք կ՛ակնկալենք թրքական կողմէն բացատրութիւններ ստանալ կատարուածին վերաբերեալ», ըսած է ան լրագրողներուն: Ռուսական կողմը, անոր համաձայն, այդ դէպքը հաշուի պիտի առնէ հետագային Անգարայի հետ ձեռք բերելիք համաձայնութիւններուն մէջ:

Քրեմլինի բանբերը ռուս-թրքական յարաբերութիւնները բնութագրած է իբրեւ «բաւական սերտ, զարգացած, բազմակողմանի եւ փոխշահաւէտ»` աւելցնելով. «Կան որոշակի հարցեր, որոնց շուրջ մենք տարակարծութիւններ ունինք», աւելցուցած է ան:

Լաւրով Ֆիտանի Հետ Խօսած Է «Ազով»-ի
Հրամանատարներու Ուքրանիա Վերադարձի Մասին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ քննարկած է «Ազով» գումարտակի հրամանատարներու Ուքրանիա վերադարձը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Կողմերը միտքեր փոխանակած են շրջանային օրակարգի շուրջ` շեշտը դնելով Ուքրանիոյ վերաբերող վերջին զարգացումներուն վրայ, ներառեալ «Ազով»-ի ղեկավարներու Պոլիսէն Քիեւ վերադարձին առնչուած կացութիւնը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ ռուսական կողմին, Լաւրով Անգարայի ուշադրութեան հրաւիրած է «ընթացքի ապակառուցողականութեան» վրայ` առնչուած Քիեւին սպառազինութեան շարունակական մատակարարման` ըսելով, թէ նման քայլերը կրնան միայն բացասական հետեւանքներու յանգեցնել:

Արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատած են Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ «յարաբերութիւններու վստահութեան բնոյթը պահպանելու եւ ամրապնդելու» անհրաժեշտութիւնը` երկու երկիրներու ղեկավարներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի համաձայնութիւններուն հիման վրայ:

Շաբաթ օր Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ Թուրքիայէն Ուքրանիա վերադարձած են «Ազով» գումարտակի 5 հրամանատարներ:

Մարիուփոլի «Ազովսթալ» հսկայ գործարանի պաշտպանները անցեալ տարի յանձնուած էին, իսկ հրամանատարները Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջնորդութեամբ տեղափոխուած էին Թուրքիա, ուր պէտք էր մնային մինչեւ պատերազմի աւարտը:

10 ամիս ետք անոնք վերադարձան Ուքրանիա: Զելենսքի շաբաթ օր հրապարակած էր տեսանիւթ մը, ուր անոնք թրքական օդակայանին մէջ կը նստին Ուքրանիոյ նախագահի օդանաւը:

Ռուս ազգայնական պլոկըրները «Ազով»-ի հրամանատարներու վերադարձը Ռուսիոյ ստորացում նկատած են:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով «Զեզտա»-ին յայտնեց, որ «Ազով» ազգային գունդի հրամանատարներու Թուրքիայէն Ուքրանիա վերադարձը համաձայնութիւններու պայմաններու բացարձակ խախտում է:

«Ըստ համաձայնութիւններուն, «Ազով»-ի ղեկավարները պէտք է Թուրքիա մնային մինչեւ տագնապին աւարտը», ըսած է Փեսքով:

Ան ընդգծած է, որ թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ Քիեւը խախտած են վերադարձի պայմանները` աւելցնելով, որ ոչ ոք Ռուսիոյ տեղեկացուցած է այդ զինուորները Ուքրանիա տեղափոխելու մասին:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով այդ քայլը նկատած է Թուրքիոյ վրայ ՕԹԱՆ-ի ճնշումի արդիւնք:

Նախորդը

Պլինքըն Եւ Ֆիտան Քննարկած Են ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովի Եւ Ռուս-Ուքրանական Պատերազմի Հարցերը

Յաջորդը

Էրտողան. «Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Պիտի Զօրակցինք, Եթէ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւնները Սկսին»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?