Ռուսական հրթիռային յարձակման պատճառով Լվովի մէջ վնասուած է բնակելի շէնք մը, զոհուած է 4 քաղաքացի, վիրաւորուած` 9-ը: Այս մասին երէկ յայտարարեց Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար Իկոր Քլիմենքօ:
Ան մանրամասնած է, որ շէնքի երկու մուտքերու երրորդ եւ չորրորդ յարկերը քանդուած են:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի տեսանիւթ հրապարակած է Լվովի մէջ ռուսական յարձակումէն ետք:
«Լվիվ. ռուս ահաբեկիչներու գիշերային հարուածի հետեւանքները: Ցաւօք, կան վիրաւորներ եւ զոհեր. կը ցաւակցինք ընտանիքներուն, հակառակորդին անպայման շօշափելի պատասխան պիտի ըլլայ», ըսած է Զելենսքի:


