Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սոչիի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպում

Սեպտեմբեր 5, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Սոչիի նստավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ լայն ձեւաչափով բանակցութիւններ:

Ռուսիոյ նախագահը հանդիպումին սկիզբը յայտնեց. «Շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման առումով խօսելիք կայ: Ի հարկէ, մենք պիտի չանտեսենք ուքրանական ճգնաժամին առնչուած հարցերը… Մենք մտադիր ենք հացահատիկի գործարքին վերաբերեալ հարցեր քննարկել»:

Ան նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ «Աքքույու» հիւլէական կայանի կառուցման նախագիծը կ՛ընթանայ ըստ ծրագիրին, ուժանիւթի առաջին պլոքի գործարկումը տեղի պիտի ունենայ 2024 թուականին:

«Ինչպէս ըսի, մենք շատ վստահօրէն յառաջ կը շարժինք ուժանիւթի ոլորտին մէջ, համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են հիմնական մատակարարներու, երկու կողմերու շարժիչներու միջեւ: Յոյսով եմ, որ այդպէս ալ պիտի ըլլայ: Մենք մօտիկ ապագային ատոր ականատեսը պիտի ըլլանք», աւելցուց Փութին:

Խօսելով երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին` ան նշեց, որ Մոսկուան եւ Անգարան «բոլորովին այլ շրջան» կ՛ապրին: Փութին նշեց, որ ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ կայունութիւն կայ, եւ անոնց ընթացքը կը պահպանուի տարբեր ոլորտներու մէջ զանոնք զարգացնելու միջոցով:

«Մենք շատ գոհ ենք, որ մեր արտաքին առեւտուրի ծաւալը ներկայիս կը կազմէ 62 միլիառ տոլար, եւ մենք կը շարժինք դէպի մեր նպատակը` 100 միլիառ տոլար», աւելցուց Էրտողան: Ան նաեւ նշեց «կազային հանգոյց» նախագիծի կարեւորութիւնը:

«Մտադիր ենք առեւտուրի փոխանակումը կատարել տեղական դրամանիշերու օգտագործումով», նշեց ան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր ՏմիթրիՓեսքով աւելի ուշ յայտարարեց, որ Փութին-Էրտողան ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները շատ կառուցողական էին: Անոր համաձայն, Սոչիի մէջ ընթացող բանակցութիւններու աւարտին որեւէ փաստաթուղթի ստորագրում չի նախատեսուիր: Ան բացատրեց, որ «այժմ» պետութիւններու ղեկավարները «կը հաղորդակցին դէմ առ դէմ, եւ անոնց խօսակցութիւնը իմաստալից պիտի ըլլայ»:

Փութին հանդիպումի աւարտին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Թուրքիոյ հետ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւններուն առումով յառաջդիմութիւն գոյութիւն ունի»: Ան աւելցուց. «Թուրքիոյ հետ փոխադարձ առեւտուրին մէջ մեր ազգային դրամանիշերը կ՛ուզենք օգտագործել»: Ան նաեւ ըսաւ, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի Թուրքիոյ ճամբով այլ երկիրներու կազ փոխադրելու` ընդգծելով. «Ռուսիան դէպի Թուրքիա եւ անոր ճամբով ռուսական կազ գնել փափաքող երկիրներ կազ մատակարարող պիտի մնայ»:

«Թուրքիան մեզի համար կարեւոր գործընկեր է, եւ պիտի երաշխաւորենք հացահատիկի ներածումները, որոնք պէտք է անոր հասնին», ըսաւ Փութին:

«Աշխատանք կը տարուի Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ ելեւմտական հաստատութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններ կառուցելու», յայտնեց Քրեմլինի ղեկավարը:

«Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ յաջողութեամբ կը զարգանան, եւ հանդիպումը յաջող էր», ըսաւ Փութին:

«Սուրիոյ ապագան սուրիացիները իրենք անձամբ կը ճշդեն», յայտնեց ան, ինչպէս նաեւ նշեց. «Ուքրանիոյ հակայարձակումը ձախողեցաւ»:

«Ռուսական հացահատիկի եւ պարարտացուցիչներու փոխադրման դէմ պատժամիջոցներու ջնջումէն անմիջապէս ետք պիտի վերադառնանք Հացահատիկի գործարքին, եւ մտադիր ենք հացահատիկն ու պարարտացուցիչները թրքական սեփական նաւահանգիստներու միջոցով փոխադրելու, եթէ ատիկա գիներու կայունութեան կը նպաստէ», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը:

Թուրքիոյ նախագահը Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժի աղէտին ընթացքին տրամադրած օժանդակութեան համար Ռուսիոյ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք իր կարգին յայտնեց, որ «Սեւ ծովու նախաձեռնութեան այլ ընտրանքները մնայուն լուծում չեն ապահովեր»` աւելցնելով. «Կը կարծենք, որ Սեւ ծովու հացահատիկի նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուի»:

«Պիտի շարունակենք Ռուսիոյ հետ շրջանային բոլոր հարցերու լուծման շուրջ խորհրդակցիլ», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:

Նախորդը

Ֆիտանի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Անհրաժեշտ Է Հակազդել Կովկասի Մէջ Օտար Պետութիւններու Ներկայութեան» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?