 Միացեալ Նահանգներ եւ Վիեթնամ համաձայնած են «համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան» մասին` 10 սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Հանոյ այցելութեան իբրեւ արդիւնք: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Վիեթնամի մէջ ասիկա օտար պետութեան հետ համագործակցութեան կարելի բարձրագոյն աստիճանն է: Միացեալ Նահանգներ դարձաւ Ռուսիայէն, Հնդկաստանէն, Հարաւային Քորէայէն եւ Չինաստանէն ետք 5-րդ երկիրը, որուն հետ համայնավարական Վիեթնամը գործընկերութեան այս մակարդակը հաստատած է:
Սպիտակ տունը Պայտընի այցելութիւնը կոչած է «պատմական պետական այցելութիւն»:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու խորացումը տեղի կ՛ունենայ Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ Չինաստանին հակակշիռ դառնալու Ուաշինկթընի ցանկութեան պայմաններուն մէջ:
Միացեալ Նահանգներն ու Վիեթնամը միայն 1995-ին` Վիեթնամի պատերազմի աւարտէն 20 տարի ետք վերականգնած են դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Ուաշինկթըն Հանոյի երկրորդ մեծագոյն առեւտրական գործընկերն է: Առաջինը Փեքինն է:
Երկու երկիրներու ղեկավարները իրենց միացեալ յայտարարութեան մէջ նշեցին, որ Միացեալ Նահանգներն ու Վիեթնամը կողմնակից են Ուքրանիոյ մէջ ամուր խաղաղութեան հաստատման: