Ռուսիան Ազրպէյճանի դէմ դիւանագիտական քայլ կատարած է` Ռուսիոյ չորս շրջաններուն մէջ Պաքուի յայտարարութեան առնչուած: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան:
«Ազրպէյճանական կողմին ուղղուած դիւանագիտական քայլ կատարուած է: Մենք ամէն ինչ ըսած ենք ատոր առնչուած», ըսած է Զախարովա:
«Մենք կը մեկնինք անկէ, որ Պաքուն պէտք է մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան հարցին վերաբերի նոյն յարգանքով, որ մեզմէ կ՛ակնկալեն մեր գործընկերները, երբ խօսքը կը վերաբերի Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան», աւելցուցած է ան:


