Ուրբաթ, 8 սեպտեմբերի ուշ գիշերին 6,8 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Մարոքի Մարաքեշ քաղաքին մօտ շրջանը` պատճառելով 2012 զոհ եւ 1404 վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ համատարած աւեր:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու երկրաբանական ծառայութեան, երկրաշարժը հնադարեան Մարաքեշ քաղաքին մօտ մէկ դարէ ի վեր տեղի ունեցած ամէնէն զօրաւոր երկրաշարժն էր: Երկրին մէջ 3-օրեայ սուգ յայտարարուեցաւ:
Երէկ նոյն շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ 4,5 աստիճան ուժգնութեամբ յետցնցում մը:


