Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիտանի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Անհրաժեշտ Է Հակազդել Կովկասի Մէջ Օտար Պետութիւններու Ներկայութեան» Կ՛ըսէ Ռայիսի

September 5, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է, որ անհրաժեշտ է հակազդել տարբեր շրջաններու մէջ, ներառեալ Կովկասը օտար պետութիւններու ներկայութեան:

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահը այս ծիրին մէջ ընդգծած է շրջանի պետութիւններուն միջեւ խնդիրները երկխօսութեան եւ համագործակցութեան միջոցով լուծելու անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադառնալով շրջանին մէջ անվտանգութեան` Ռայիսի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը շրջանի բոլոր երկիրներու ազգային գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը նկատած է:

Ան աւելցուցած է, որ որեւէ կառավարութեան իր բոլոր տարածքներուն նկատմամբ ազգային գերիշխանութեան արդիւնաւէտ իրականացումը ահաբեկչական եւ վտանգաւոր գործողութիւնները կանխարգիլելու լաւագոյն միջոցն է:

Ահմատեան. «Իրան Դէմ Է Շրջանին Մէջ Սահմաններու
Աշխարհաքաղաքական Որեւէ Փոփոխութեան»

«Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատեան իր կարգին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ քննարկած է շրջանային անվտանգութեան հարցեր:

Իրանցի պաշտօնատարը անդրադարձած է կովկասեան շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն` ընդգծելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան շրջանին մէջ սահմաններու աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան դէմ ըլլալը:

Միեւնոյն ժամանակ, Ահմատեան նշած է, որ Կովկասի մէջ նոր` «3+3» ձեւաչափի ստեղծումը արդիւնաւէտ միջոց պիտի ըլլայ շրջանի երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող թիւրըմբռնումները հարթելու համար:

 

 

Նախորդը

Քոլոնա. «Ռուսական «Վակներ»-ը Նիկերի Մէջ Զինուորական Խորհուրդի Քայլը Չղեկավարեց»

Յաջորդը

Սոչիի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպում

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.