Իսրայէլ-Կազա Բուռն Ճակատումը Կը Շարունակուի
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Համաս առաջին անգամ ըլլալով լայնածաւալ կերպով օգտագործած է յարձակողական անօդաչու թռչող սարքեր` նշելով, որ Հըզպալլան շատ աւելի զարգացած տարբերակներ ունի: Լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ պաղեստինցի զինեալները բուռն ռմբակոծման տակ ներթափանցած են «20 բնակեցման վայր եւ իսրայէլեան բանակի 11 ճամբար ու ռազմակայան»: 800-էն 1000 զինեալներ Կազայի շուրջ կառուցուած ցանկապատէ 80 կէտերէ անցնելով ներթափանցած են իսրայէլեան կողմ: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի...




















