Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել 7-8 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Վրաստան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութիւնը:
«Յանձնակատարի պաշտօնին վրայ Վրաստան անոր առաջին այցելութիւնը պիտի արտօնէ քննարկել Վրաստանի յառաջընթացը եւրոպական համարկման ճամբուն վրայ, միտքեր փոխանակել արտաքին քաղաքականութեան եւ շրջանային աւելի լայն հարցերու շուրջ», կը յայտնէ ծառայութիւնը:
Պորել հանդիպումներ պիտի ունենայ Վրաստանի նախագահին, վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին, երեսփոխաններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ:
Անոր այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Վրաստանի իշխող ուժին եւ նախագահին միջեւ լարուածութեան պայմաններու մէջ: «Վրացական երազանք»-ը նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին կը մեղադրէ Սահմանադրութիւնը խախտելու յանցանքով եւ անոր պաշտօնանկութեան հոլովոյթի սկսած է:
Զուրապիշվիլի կը համարուի արեւմտամէտ քաղաքական գործիչ, իսկ Վրաստանի իշխող ուժն ու կառավարութիւնը կը քննադատուին Ռուսիոյ մերձենալու քայլերու համար:
Եւրոպական յանձնաժողովը ներկայիս կ՛աւարտէ աշխատանքները Վրաստանի վերաբերեալ զեկուցումին առնչութեամբ, ուր կը գնահատուի Եւրոպական Միութեան առաջարկներու իրականացման ընթացքը` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու թեկնածու երկրի կարգավիճակ ստանալու համար:


