Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Թեհրանի Հաշիւներու Ապասառեցումը Չի Նշանակեր Պատժամիջոցները Չեղեալ Նկատել»

September 13, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Թեհրանի 6 միլիառ տոլարի հաշիւներու ապասառեցումը Իրանի դէմ պատժամիջոցները չեղեալ նկատելու պիտի չյանգեցնէ:

«Մենք Իրանի դէմ ոչ մէկ պատժամիջոց վերցուցած ենք, եւ Իրանը որեւէ պատժամիջոցային մեղմացում պիտի չստանայ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը: Ան հաստատած է, որ անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը Թեհրանի հետ «5+5» ձեւաչափով բանտարկեալներու փոխանակման մասին համաձայնութեան ծիրին մէջ թոյլատրած է Իրանի սառեցուած հաշիւները Հարաւային Քորէայէն փոխանցել Քաթար: Այդ դրամները պիտի օգտագործուին մարդասիրական նպատակներով:

«Ինչպէս արդէն նախապէս ըսած էինք, այդ միջոցները ուղիղ գծով Իրան պիտի չհասնին, եւ անոնց մէջ չկան (ամերիկացի) հարկատուներու դրամները: Հարաւային Քորէայի մէջ պահուող միջոցները Իրանի միջոցներն են», աւելցուցած են արտաքին գործոց նախարարութենէն` նշելով, որ անոնց Քաթարի հաշիւներուն փոխանցումէն ետք Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն «հետեւիլ, թէ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ պիտի օգտագործուին այդ դրամները»:

Սպիտակ տունը 10 օգոստոսին հաստատած էր, որ Թեհրանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է բանտարկեալներու փոխանակման մասին, սակայն կոչ ուղղած էր սպասելու համաքաղաքացիներու Իրանէն վերադարձին, որպէսզի վերջնականապէս յայտարարէ գործարքը աւարտելու մասին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի 21 օգոստոսին հաղորդած էր, որ բանտարկեալներու փոխանակման եւ իրանեան գումարներու փոխանցման մասին համաձայնագիրները պիտի գործադրուին երկու ամսուան ընթացքին:

Միւս կողմէ, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ ինք իրանական-ամերիկեան բանակցութիւններուն մէջ դերակատարութիւն ունեցած է. Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան իրեն հետ հանդիպումի ընթացքին դիւանագիտական խօսակցութեան մէջ արծարծած է հարցը եւ նշած, որ համաձայնութիւնը կասեցուած է, եւ ինք այդ խօսքը փոխանցած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիային, որմէ ետք Օմանի մէջ օմանեան միջնորդութեամբ Իրան-Միացեալ Նահանգներ ուղղակի բանակցութիւններ տեղի ունեցած են:

Նախորդը

«Տանիէլ» Մրրիկի Զոհերուն Թիւը Մինչեւ Հիմա 3000 Է, Իսկ Անհետ Կորսուածները Հազարներով Են» Կ՛ըսէ Լիպիոյ Առողջապահութեան Նախարարը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը
Միջազգային

Քալլաս. «Միացեալ Նահանգները Չեն Կրնար Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Պատժամիջոցներու Վերացման Շուրջ Բանակցութիւններ Վարել»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.