Գերմանիոյ Պունտըսթակի մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական օգնութեան յանձնախումբի նախագահ Ռենաթա Ալթ առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման պատասխանատուներու դէմ անձնական պատժամիջոցներ հաստատել:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը իսկապէս խիստ մտահոգիչ է, եւ ես ուշադիր կը հետեւիմ շրջանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն», «Հայփրես» լրատու գործակալութեան հարցումին ի պատասխան յայտարարած է Ալթ:
Ան նշած է, որ կացութեան բարելաւման նպատակով քննարկումներ կը կատարուին որոշում տուողներու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ` վստահեցնելով, որ պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան` մարդու իրաւունքներու ապահովման համար:
Անոր կարծիքով` Եւրոպական Միութիւնը կրնայ արդիւնաւէտ ճնշում գործադրել Ազրպէյճանի վրայ միայն կեդրոնացուած ուժով: Ալթ անհրաժեշտ նկատած է, որ Եւրոպական խորհուրդը եւ Եւրոպական յանձնաժողովը հանդէս գան նախաձեռնութիւններով` «շրջափակման քաղաքական ճարտարապետներու դէմ անձնական պատժամիջոցներ կիրարկելու համար»:


