Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կայսերապաշտութեան Դէմ Պատերազմը Միասին Պիտի Մղենք» Փութինին Կ՛ըսէ Ըն

Սեպտեմբեր 14, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ըն երէկ իր սեփական զրահապատ գնացքով հասաւ Ռուսիա եւ «Ամոր» շրջանին մէջ գտնուող «Վոսթոշնի» անջրպետական ռազմակայանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Փութին յայտնեց, որ այս ժողովը կարեւոր էր` «խօսելու համար տնտեսական համագործակցութեան, մարդասիրական հարցերու եւ շրջանի կացութեան մասին»: Ան իր խօսքը Ընին ուղղելով ըսաւ. «Մեր ժողովը իւրայատուկ պահու կը գումարուի… Ռուսիոյ եւ Ժողովրդային ժողովրդավարական Քորէայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 75 տարիներ»` յիշեցնելով. «Մեր երկիրը առաջինն էր, որ ճանչցաւ ձեր երկիրը»:

Ըն իր կարգին ըսաւ. «Երախտապարտ եմ այս հրաւէրին համար: Այցելութիւնը շատ կարեւոր պահու տեղի կ՛ունենայ»:

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը աւելի ուշ ի պատիւ իրեն պաշտօնական ճաշի ընթացքին յայտնեց. «Քիչ առաջ ես եւ ընկեր Փութինը խորքային կերպով քննարկեցինք Քորէական թերակղզիի եւ Եւրոպայի մէջ զինուորական ու քաղաքական կացութիւնը: Համակարծութիւն գոյացուցինք ռազմավարական եւ թեքնիք համագործակցութեան ամրապնդումը շարունակելու, անվտանգութեան մէջ գերիշխանական իրաւունքը պաշտպանելու համար պայքարին մէջ միասնականութեան աջակցելու, շրջանին մէջ ու ամբողջ աշխարհի վրայ մնայուն խաղաղութեան երաշխիքներ ստեղծելու շուրջ»:

«Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնը նոր մակարդակի պիտի բարձրանայ ի շահ երկու ժողովուրդներուն», ըսաւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը` աւելցնելով. «Ռուսիոյ հետ յարաբերութեան մէջ անջրպետական ճարտարագիտութիւններու զարգացման մէջ գործակցութիւն տեղի պիտի ունենայ»:

Ինչ կը վերաբերի երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական համագործակցութեան, Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը նշեց, որ իր երկիրը «Ռուսիոյ կողքին պիտի մղէ կայսերապաշտութեան դէմ ճակատումը»` աւելցնելով. «Միշտ պիտի աջակցինք նախագահ Փութինի եւ ռուսական ղեկավարութեան որոշումներուն»:

Ըն Փութինի հետ ժողովի ընթացքին գովաբանեց ռուսական բանակը եւ Փութինին ըսաւ, որ Ռուսիան «իր թշնամիներուն վրայ մեծ յաղթանակ պիտի արձանագրէ»:

Նախորդը

«Մոսկուան Դիւանագիտական Քայլ Կատարած Է Պաքուի Դէմ` Նոր Շրջաններու Մէջ Ընտրութիւններու Մասին Յայտարարութիւններու Պատճառով» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?