Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրազիլական Ոստիկանութիւնը «Յարձակումներ» Ծրագրող 2 Կասկածելիներ Ձերբակալած Է. Ըստ Մոսատի, Թիրախը Հրէական Համայնքն Էր, Իսկ Կազմակերպողը` Հըզպալլան

November 10, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրազիլի դաշնակցային ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ «յարձակումներ» գործադրելու պատրաստուող երկու կասկածելիներ ձերբակալած է:

Ոստիկանութիւնը յայտնեց. «Սան Փաուլոյի մէջ ձերբակալութիւնը տեղի ունեցաւ ահաբեկչական պատրաստութիւններ ձախողեցնելու եւ երկրին մէջ ծայրայեղական արարքներ գործադրելու համար պրազիլցիներու հաւանական զինուորագրման փաստերու ձեռքբերման ապահովական գործողութեան մը ծիրին մէջ»:

Ոստիկանութիւնը նաեւ Սան Փաուլօ, Մինաս Ճերայս եւ Պրազիլիա նահանգներուն մէջ 11 խուզարկութիւններ կատարած է:

Ըստ պրազիլական «Թի.Վի. Կլոպօ» պատկերասփիւռի կայանին, պրազիլական իշխանութիւնները Ինթըրփոլէն պահանջած են պրազիլական ու լիբանանեան հպատակութիւն ունեցող եւ ներկայիս Լիբանան գտնուող երկու անձերու ձերբակալման «կարմիր» գիր հրապարակել:

Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնը` Մոսատը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարեց «Պրազիլի մէջ իսրայէլեան եւ հրէական թիրախներու վրայ յարձակումի մը կանխարգիլում»-ը եւ պնդեց. «Ենթադրեալ յարձակումը կազմակերպուած էր լիբանանեան Հըզպալլայի կողմէ` իրանեան վարչակարգի ցուցմունքով եւ ֆինանսաւորումով»:

«Պրազիլի անվտանգութեան մարմինները Մոսատի, իսրայէլեան անվտանգութեան կառոյցներուն մէջ անոնց գործընկերներուն եւ միջազգային անվտանգական մարմիններու հետ գործակցութեամբ» կանխարգիլեցին «Պրազիլի մէջ Հըզպալլայի նախաձեռնութեամբ եւ իրանեան վարչակարգի ցուցմունքով ու ֆինանսաւորումով յարձակում մը»:

Մոսատ նաեւ պնդեց, թէ աշխարհի տարածքին այլ երկիրներու մէջ տարածուած «լայն ցանց մը» բացայայտած է:

Նախորդը

Հակադարձելով Իր Ուժերուն Վրայ Կատարուած Յարձակումներուն` Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ Իրանի Առնչուած Դիրք Մը Հարուածած Է Եւ Թեհրանին Յայտնած, Որ Մագլցումի Մտադրութիւն Չունի

Յաջորդը

Կազայի Մէջ Զինադադարի Մը Հաստատման Եւ Որոշ Թիւով Գերիներու Ազատ Արձակման Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.