Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Քիրիլ Գէորգեանը, որ 2015 թուականէն Լա Հէյի միջազգային դատարանի դատաւոր է, երկրորդ նստաշրջանի համար չէ վերընտրուած:
10 նոյեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ տեղի ունեցած ընտրութեան ընթացքին անոր տեղ ընտրուած է Ռումանիոյ ներկայացուցիչ Պոկտան-Լիուսիան Աուրեսքուն, որուն աջակցած են Ընդհանուր ժողովի 117 անդամներ:
Խորհրդային եւ ռուս դատաւորները ՄԱԿ-ի դատական համակարգին մէջ կը ծառայեն 1946 թուականէն ի վեր: Այսպիսով, առաջին անգամ ըլլալով Ռուսիան Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ ներկայացուցիչ չունի:
Բացի Աուրեսքուէն, դատարանին անդամ ընտրուած են երեք այլ դատաւորներ` Սառա Հայլ Քլիլընտը (Միացեալ Նահանգներ), Խուան Վերտուզքոն (Մեքսիքա) եւ Տիրէ Թլատին (Հարաւային Ափրիկէ), եւ մէկ գործող դատաւոր` Աւստրալիոյ ներկայացուցիչ Հիլըրի Չարլսվորթ վերընտրուած է:
Արդարադատութեան միջազգային դատարանը բաղկացած է 15 դատաւորներէ, որոնց պաշտօնավարման ժամկէտը 9 տարի է: Միեւնոյն ժամանակ 3 տարին անգամ մը ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան թափուր հինգ տեղերու համար: Անընդմէջ քանի մը նստաշրջան ծառայելու արգելք չկայ: