Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Միջազգային Քրէական Դատարանին Նեթանիահուի Դէմ Հայց Ներկայացուցած Է

Նոյեմբեր 16, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգարան Միջազգային քրէական դատարանին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի դէմ հայց ներկայացուցած է` զինք մեղադրելով Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փաստաբան Մեթին Կիւլիւնքը:

«Այսօր, ներկայացնելով Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներու խիղճը, մենք Լա Հէյի միջազգային քրէական դատարանին հայց ներկայացուցած ենք ընդդէմ 21-րդ դարու Հիթլերին` Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի, որ պէտք է դատարանի առջեւ կանգնի Կազայի մէջ իր կողմէ գործուած ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ կատարուած բոլոր յանցագործութիւններուն համար», գրած է ան:

Գրառումին կից փաստաբանը հրապարակած է 23 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթի առաջին էջն ու ընդգծած, որ հայցը ներկայացուցած է իր երկու գործընկերներուն հետ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան միջոցով, որն ալ փաստաթուղթը պիտի ուղարկէ Միջազգային քրէական դատարան:

Փաստաթուղթի բնագիրին մէջ թրքական կողմը Միջազգային քրէական դատարանի դատախազութենէն պահանջած է հաւաքագրել Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ Նեթանիահուի կատարած յանցագործութիւններուն ապացոյցները, որպէսզի աւելի ուշ քրէական վարոյթ նախաձեռնուի Իսրայէլի վարչապետին եւ միւս մեղաւորներուն նկատմամբ:

Փաստաբանները կը պնդեն, որ քաղաքական գործիչը «ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ» Կազայի մէջ միջազգային հռչակագիրներով արգիլուած զէնք կը կիրարկէ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Անթունիէ

Յաջորդը

6 Օր Պաշարելէ Ետք. Իսրայէլեան Ուժերը Ներխուժեցին Կազայի Շիֆա Բժշկական Համալիր

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?