Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւնները ընդհատուած են Կազայի մէջ տագնապին պատճառով, սակայն, ինչպէս կը սպասուի, պիտի վերսկսին ատոր աւարտէն ետք: Այս մասին Քոնկրեսի լսումներու ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի գործերու գծով օգնական Պարպարա Լիֆ:
«Ներկայ պահուս անոնք դադարի վիճակի մէջ են ճգնաժամին պատճառով… Ես կ՛ակնկալեմ, որ մենք պիտի կարենանք զանոնք վերսկսիլ ճգնաժամի աւարտէն ետք», ըսած է ան:
Պաշտօնատարին համաձայն, բանակցութիւնները ընդհատուած են, երբ կողմերը կը պատրաստուէին անցնիլ կարգաւորման մասին համաձայնութիւններու «պաղեստինեան բաղադրիչի» քննարկման:
Իսրայէլի ճանաչման եւ անոր հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման դիմաց Սէուտական Արաբիան, ինչպէս նախապէս կը հաղորդուէր, պաղեստինցիներուն համար զգալի զիջումներ պահանջած էր:
Լիֆ նաեւ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու կարծիքով` աւելցած է միջազգային ընտանիքի հետաքրքրութիւնը բանակցութիւններու վերսկսման հանդէպ` պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի վերջնական լուծման հոլովոյթի բազմամեայ ընդհատումէն ետք` 1967 թուականի սահմաններուն մէջ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումով:
Քոնկրեսին մէջ անոր արտասանած խօսքը ոչ երկար ժամանակով ընդհատած են պաղեստինամէտ գործիչներ, որոնք կը պահանջէին Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը:


