Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակադարձելով Իր Ուժերուն Վրայ Կատարուած Յարձակումներուն` Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ Իրանի Առնչուած Դիրք Մը Հարուածած Է Եւ Թեհրանին Յայտնած, Որ Մագլցումի Մտադրութիւն Չունի

Նոյեմբեր 10, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց Սուրիոյ մէջ Իրանի առնչուած դիրքի մը դէմ ամերիկեան հարուածի մը մասին` նշելով, որ ամերիկեան ուժերը արեւելեան Սուրիոյ մէջ գտնուող կառոյցի մը դէմ այդ յարձակումը գործած են ինքնապաշտպանութեան ծիրին մէջ:

Փենթակոն յայտնեց, թէ հարուածը հակադարձութիւն էր Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատին առնչակից զինեալներու կողմէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ յարձակումներուն:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ըսաւ, որ հարուածուած են Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի եւ անոր աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներու կողմէ օգտագործուած կառոյցներ:

«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանին յայտնած են, որ մտադիր չեն Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ տագնապի ծիրին մէջ Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումի դիմելու:

Ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական պատասխանատու մը պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Ուաշինկթըն պէտք եղած քայլերը որդեգրեց Իրանին տեղեկացնելու, թէ Միջին Արեւելքի տագնապին մէջ մագլցում կատարելու չի ձգտիր»:

«Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ շարունակուող տագնապին պատճառով աճող լարուածութեան լոյսին տակ, Իրանի, ինչպէս նաեւ Իրաքի ու Լիբանանի մէջ անոր առնչակից խմբաւորումներուն ու մեր շրջանային գործընկերներուն հետ ուղղակի հաղորդակցութեան յաւելեալ քայլեր որդեգրեցինք», նշած է ան:

«Այս քայլերով կը ջանանք յստակացնել, թէ մեր զինուորական գործողութիւնները Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ տագնապին նկատմամբ մեր մօտեցումի փոփոխութիւն չեն նշանակեր, եւ շրջանին մէջ մագլցումի դիմելու մտադրութիւն չունինք», աւելցուցած է բարձրաստիճան զինուորականը:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրաքի հիւսիսը գտնուող ամերիկեան Հարիր ռազմակայանը անօդաչու թռչող սարքերու կողմէ ենթարկուած է յարձակումի, որուն նախորդած են Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ ահազանգի հնչումներ:

Ըստ լրատու գործակալութեան աղբիւրներուն, ամերիկեան դեսպանատան շչակները գործարկուած են 8 նոյեմբերի երեկոյեան, սակայն շէնքին հարուածներու կամ վնասներու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած:

Հարիր ռազմակայանին դէմ պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Իրաքի մէջ իսլամական դիմադրութիւն կոչուող խմբաւորումը: Ըստ խմբաւորման յայտարարութեան, Հարիր ռազմակայանը հարուածած են երկու անօդաչու թռչող սարքեր:

Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ գտնուող ամերիկեան եւ միջազգային ուժերու յենակէտերը Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր շարունակուող պատերազմի ընթացքին տասնեակ յարձակումներու ենթարկուած են:

Այդ յարձակումներու մեծ մասին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Իրաքի մէջ Իսլամական դիմադրութիւնը` յայտարարելով, որ անոնք պատասխան են Միացեալ Նահանգներու Կազայի իրադարձութիւններուն մէջ Իսրայէլի աջակցութեան:

Իրաքի վարչապետը խոստացած է հետապնդել Միացեալ Նահանգներու եւ Միջազգային դաշինքի ռազմակայաններուն վրայ յարձակումին պատասխանատուները:

Նախորդը

Թուրքիան Կ՛ուսումնասիրէ Իսրայէլի Դէմ Միջազգային Քրէական Դատարանին Մէջ Հայց Ներկայացնելու Հարցը

Յաջորդը

Պրազիլական Ոստիկանութիւնը «Յարձակումներ» Ծրագրող 2 Կասկածելիներ Ձերբակալած Է. Ըստ Մոսատի, Թիրախը Հրէական Համայնքն Էր, Իսկ Կազմակերպողը` Հըզպալլան

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?