Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Երկու Օդային Հարուած Հասցուցած Են Սուրիոյ Մէջ Գործող «Իրանամէտ Խմբաւորումներուն»

November 14, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ երկու օդային հարուած հասցուցած են Սուրիոյ մէջ գործող «իրանամէտ խմբաւորումներուն»: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին:

Հարուածները հասցուած են ի պատասխան Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերուն վրայ կատարուած յարձակումներու շարքին:

Ամերիկեան ուժերը հարուածները հասցուցած են Տեր Զօր նահանգի Ապու Քամալ քաղաքին մօտ գտնուող ուսումնական կեդրոնին եւ Իրաքի սահմանի մօտ գտնուող Մայատին քաղաքին մօտ գտնուող դիրքին:

Միացեալ Նահանգներու բանակը կը հետաքննէ, թէ արդեօք Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի կամ յարակից խումբերու անդամներ սպաննուած կամ վիրաւորուա՞ծ են:

Օսթին հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հրամայած է հարուածներ հասցնել: «Նախագահը աւելի բարձր առաջնահերթութիւն չունի, քան ամերիկացի զինուորներու անվտանգութիւնը, եւ ան հրամայեց կատարել այսօրուան գործողութիւնները (հրթիռային հարուածները), եւ ատով հասկցուց, որ Միացեալ Նահանգներ իրենք զիրենք, իրենց զինուորներն ու շահերը պիտի պաշտպանեն», կը նշուի Օսթինի յայտարարութեան մէջ:

Միւս կողմէ, «Քասիոս», յղում կատարելով իսրայէլեան եւ ամերիկեան աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթին յայտնած է, որ մտահոգ է Իսրայէլի եւ Լիբանանի սահմանին վրայ լարուածութեան աճով:

Աղբիւրներուն համաձայն, Պայտընի վարչակազմէն ոմանք մտահոգ են, որ Իսրայէլ պիտի փորձէ Հըզպալլայի դէմ սադրանք կատարել եւ Լիբանանի մէջ աւելի լայնածաւալ պատերազմի պատրուակ ստեղծել: Իսրայէլացի պաշտօնատարներ կտրականապէս կը հերքեն այդ:

Լաւատեղեակ ամերիկացի եւ իսրայէլացի աղբիւրները «Աքսիոս»-ին յայտնած են. «Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ կալանթէն բացատրութիւն պահանջած է վերջինիս Լիբանանի դէմ օդային յարձակումի մասին յայտարարութեան շուրջ, եւ զգուշացուցած  Հըզպալլայի հետ լայնածաւալ պատերազմի յանգեցնող քայլեր կատարելէ»:

Մինչ այդ, Իրաքի մէջ Իսլամական դիմադրութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Մեր մարտիկները Սուրիոյ խորքը գտնուող Խատրա գիւղին մէջ ամերիկեան բռնագրաւումի ռազմակայանը հարուածեցին անօդաչու թռչող սարքով, որ ուղղակիօրէն հարուածեց իր թիրախը»:

Նախորդը

Բրիտանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Պաղեստինցիներուն Աջակցող Ցոյցերէն Ետք Ոստիկանութիւնը Քննադատելէն Ետք Պաշտօնազրկուեցաւ

Յաջորդը

Պորել. «Ուքրանիոյ Ամերիկեան Օգնութիւնը Հաւանաբար Կրճատուի, Ուստի Եւրոպական Միութեան Երկիրները Պէտք Է Պատրաստ Ըլլան Փոխհատուցելու»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.