Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի գերիներու ազատ արձակման համաձայնութեան մը շուրջ, որ պիտի յանգեցնէ առնուազն վեց շաբաթ տեւողութեամբ հանդարտեցման:
Պայտըն Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Կազայի մէջ մեծ թիւով պաղեստինցիներ, քաղաքայիններ եւ մանուկներ սպաննուած են:
Պայտըն յայտնեց. «Մենք գիշեր ցերեկ խաղաղութեան համար կ՛աշխատինք, եւ պէտք չէ Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութիւններու սկսիլ առանց քաղաքայիններու վերաբերեալ հաւաստի ծրագիրի»:
Ան նաեւ նշեց, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան հակադարձութիւնը պիտի շարունակուի:
Յորդանանի թագաւորը իր կարգին կոչ ուղղեց Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ անմիջապէս զինադադար հաստատելու: «Մենք մնայուն եւ անմիջական զինադադարի կարիք ունինք», ըսաւ Ապտալլա Բ. թագաւորը` աւելցնելով, որ խիտ կերպով բնակեցուած Ռաֆահ քաղաքին դէմ իսրայէլեան ցամաքային որեւէ յարձակում «հաստատօրէն մարդասիրական նոր աղէտի պիտի յանգեցնէ»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Տուպայի մէջ Համաշխարհային կառավարական վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Թուրքիան պատրաստ է հանդէս գալու իբրեւ միջնորդ եւ երաշխաւոր` Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ տագնապը կարգաւորելու հարցին մէջ:
«Իսրայէլը, եթէ իսկապէս կ՛ուզէ տեւական խաղաղութիւն, պէտք է հրաժարի իր ծաւալապաշտական քաղաքականութենէն: Առանց պաղեստինեան պետութեան ստեղծման, պաղեստինեան հիմնախնդիրի լուծում պիտի չըլլայ, ատոր ուղղուած որեւէ փորձ պիտի ձախողի», ըսաւ Էրտողան:
Անոր պնդումով` շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար պէտք է ստեղծել 1967 թուականի սահմաններով պաղեստինեան անկախ պետութիւն, որուն մայրաքաղաքը պիտի ըլլայ Արեւելեան Երուսաղէմը:
«Մենք պատրաստ ենք պատասխանատուութիւն ստանձնելու, ներառեալ իբրեւ հոլովոյթի երաշխաւոր եւ միջնորդ: Մենք երբեք պիտի չլքենք մեր պաղեստինցի եղբայրներն ու քոյրերը», ըսած է Էրտողան:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Հարաւային Ափրիկէն Ռաֆահի վրայ իսրայէլեան յարձակումին հարցով շտապ դիմում ներկայացուցած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանին:
Միւս կողմէ, պաղեստինցի պատասխանատու աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեց. «Տոհան Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին փոխանցեց Համաս շարժումի թեքնոքրաթներու կառավարութիւն կազմելու համամտութիւնը»:
Ան նշած է, որ Համաս իր սկզբունքային համաձայնութիւնը տուած է միանալու Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան` ՊԱԿ-ին, պայմանով որ ատիկա կապուի քաղաքական յստակ հորիզոնի մը, որ կը յանգեցնէ «1967-ի սահմաններով պաղեստինեան պետութեան»:
Նշենք, որ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանին երկուշաբթի օր Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցած էր Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:


