Ազրպէյճանի մէջ 7 փետրուարին նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն երեք օր առաջ, երկրին իշխանութիւնները արգիլած են ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի կարճաժամկէտ դէտ, զուիցերիացի Նիք Կուկերի մուտքը երկիր: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, որ այս մասին հաղորդած է ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը:
Ըստ լրատուամիջոցի, 4 փետրուարին Ազրպէյճանի սահմանապահները Պաքուի օդակայանին մէջ գրաւած են Կուկերի անձնագիրը եւ երեք ժամ ետք Պոլսոյ թռիչքով զինք արտաքսած են երկրէն:
«Ազրպէյճանական շարք մը լրատուամիջոցներու պնդումով, Կուկեր նախապէս քննադատած է Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ազրպէյճանի կատարած յարձակումը», կը հաղորդէ «Թուրան»: