Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի 14 փետրուարին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ընդունելով ըսաւ. «Երկու երկիրներուն միջեւ նոր էջ բանանք»:
Սիսի Գահիրէի մէջ Էրտողանի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Թուրքիան եւ Եգիպտոսը շարք մը հասարակաց ապահովական եւ տնտեսական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն»: Ան աւելցուց. «Միջին Արեւելքի շրջանի կայունութեան եւ տարակարծութիւններու լուծման կը ձգտինք»:
Ան նաեւ ըսաւ, որ Եգիպտոս կը ձգտի Թուրքիոյ հետ առեւտրական շրջանառութիւնը յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին բարձրացնել 15 միլիառ տոլարի: Սիսի նաեւ յայտնեց, որ անհամբեր կը սպասէ ապրիլին Թուրքիա այցելելու Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջելու:
Եգիպտոսի նախագահը ըսաւ, որ Իսրայէլ Կազա ուղղուող բեռնակառքերուն Կազա մուտք գործելը կը դժուարացնէ` աւելցնելով, որ Էրտողանի հետ համամիտ է «Լիպիոյ մէջ ապահովական ու քաղաքական կայունութեան հաստատման կարեւորութեան շուրջ»:
Էրտողան իր կարգին ըսաւ. «Կ՛ուզենք Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնները պատշաճ մակարդակի բարձրացնել, եւ այդ ուղղութեամբ հասարակաց փափաք գոյութիւն ունի»:
Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ այս այցելութիւնը երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ կը բանայ: «Եգիպտոսի հետ առեւտրական շրջանառութիւնը կ՛ուզենք 15 միլիառ տոլարի բարձրացնել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ինչպէս նաեւ կարելի է Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնները պաշտպանական մարզին մէջ զարգացնել»:
Էրտողան գնահատեց Կազա մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման մէջ եգիպտական դերը` նշելով. «Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելը մեզի համար առաջնահերթութիւն է»: Ան աւելցուց, որ այդ նիւթը Սիսիի հետ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ առաջին կէտն էր:
«Անգարան պատրաստ է Կազայի խնդիրին մէջ Եգիպտոսի հետ համագործակցելու: Մենք պիտի շարունակենք համագործակցիլ մեր եգիպտացի եղբայրներուն հետ` համերաշխօրէն փորձելով վերջ տալ Կազայի մէջ շարունակուող արիւնահեղութեան: Միջնաժամկէտ կտրուածքով մենք պատրաստ ենք աշխատելու Եգիպտոսի հետ` Կազայի վերականգնման ուղղութեամբ», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահը:
Էրտողան նաեւ յայտնեց, որ Սիսիի հետ նախանձախնդիր է «Լիպիոյ եւ Սուտանի միասնականութեան ու կայունութեան անվտանգութեան»:
Նշենք, որ ասիկա 2012 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ նախագահի առաջին այցելութիւնն էր Գահիրէ: Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի յարաբերութիւնները վատթարացած էին 2013 թուականի ամրան տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջումէն ետք, որուն հետեւանքով պաշտօնանկ եղած էր Իսլամ եղբայրներ խմբաւորման անդամ Մոհամետ Մուրսին:
Եգիպտոս եւ Թուրքիա իրենց յարաբերութիւններուն մակարդակը բարձրացուցած էին 4 յուլիս 2023-ին` փոխադարձաբար դեսպաններ նշանակելով:


