Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաֆահի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում Մը Հարիւրաւոր Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Կը Պատճառէ

February 13, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին բուռն յարձակումներ գործելով հարուածեց տուներ եւ մզկիթներ, ուր պատսպարուած էին գաղթականներ: Ռաֆահ քաղաքի ռմբակոծման մասնակցեցան նաեւ իսրայէլեան մարտանաւեր:

Իսրայէլեան ռմբակոծման պատճառով արձանագրուեցան աւելի քան 100 զոհեր եւ 230 վիրաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը կիներ եւ մանուկներ էին:

«Մայատին»-ի համաձայն, իսրայէլեան ռմբաձիգները քանի մը ժամուան մէջ աւելի քան 50 յարձակում գործած են:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակի` Ռաֆահ քաղաքին վրայ կատարած յարձակումը պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ ցեղասպանական պատերազմի շարունակութիւնը կը նկատուի:

«Ամերիկեան վարչակազմը եւ անձամբ նախագահ Ճօ Պայտընը բռնագրաւումի կառավարութեան հետ ամբողջական պատասխանատուութիւն կը կրեն երկուշաբթի արշալոյսին Կազայի մէջ գործուած ջարդին համար», նշեց Համաս, եւ Արաբական լիկային, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` անյապաղ գործելու յարձակումը դադրեցնելու համար:

Ուաշինկթըն կիրակի օր զգուշացուցած էր Ռաֆահի դէմ ցամաքային որեւէ գործողութենէ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ շրջանային հարցերով բանբեր Սամուէլ Ուորպերկ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մեծապէս մտահոգ է Ռաֆահի մէջ իսրայէլեան զինուորական որեւէ գործողութենէ` նշելով, որ Իսրայէլ քաղաքային յաւելեալ զոհերէ խուսափելու պատասխանատուութիւնը կը կրէ:

Նշենք, որ Եգիպտոս շարունակ կը զգուշացնէ, որ Ռաֆահ քաղաք ներխուժման պարագային կրնայ սառեցնել 1979-ին Իսրայէլի հետ խաղաղութեան Քեմփ Տէյվիտի համաձայնութիւնը:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց. «Ամերիկեան վարչակազմը պէտք չէ իսրայէլեան քաղաքականութեան պատանդը մնայ, որովհետեւ շրջանը խաչմերուկի վրայ է»:

Իսրայէլեան բանակը իր կարգին հաղորդեց, որ կիրակի գիշեր ներքին հետախուզութեան` Շապաքի եւ ոստիկանութեան հետ Ռաֆահի մէջ միացեալ գործողութեան մը ընթացքին յաջողած է իսրայէլացի երկու տարեց գերիներ ազատագրել:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Էքս»-ի վրայ այդ առնչութեամբ գրառում կատարելով յայտնեց. «Ես կ՛ողջունեմ մեր քաջ զինուորները համարձակ գործողութիւններու համար, որոնք յանգեցուցին անոնց ազատման: Մինչեւ լիակատար յաղթանակ միայն զինուորական ճնշման շարունակութիւնը պիտի յանգեցնէ բոլոր առեւանգուածներու ազատման»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ այսօր Գահիրէի մէջ Կազայի կացութեան հանդարտեցման ժողովներ պիտի գումարուին:

Նախորդը

Հուսիները Կարմիր Ծովուն Մէջ Հարուածած Են Ամերիկեան «Սթար Այրիս» Նաւը

Յաջորդը

Մուսաուի Հանդիպում Մը Ունեցաւ «Ալֆա» Եւ «Թաչ» Ընկերութիւններու Պաշտօնէութիւնը Ներկայացնող Պատուիրակութեան Հետ

RelatedPosts

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի  Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր  Ժողովներ Գումարուած Են»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր Ժողովներ Գումարուած Են»

September 23, 2026
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  Թրամփ. «Կը Կարծեմ Ամերիկեան Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Գոյացնենք»
Միջազգային

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` Թրամփ. «Կը Կարծեմ Ամերիկեան Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Գոյացնենք»

September 23, 2026
Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի,  Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի, Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.