Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան բանակին հրամայեց Ռաֆահէն քաղաքայիններու հեռացման եւ Համասի գունդերը պարտութեան մատնելու «միացեալ ծրագիր» պատրաստել: Այս մասին ուրբաթ օր հաղորդեց Նեթանիահուի գրասենեակը:
«Անկարելի է պատերազմի նպատակները իրագործել առանց Համասը ոչնչացնելու եւ Համասի գունդերը Ռաֆահի մէջ ձգելով: Ընդհակառակը, յստակ է, որ Ռաֆահի մէջ աշխուժ գործունէութիւնը կը պահանջէ, որ քաղաքայինները հեռանան կռիւի շրջաններէն», ըսած է Նեթանիահու:
Իսրայէլի վարչապետը երէկ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը Կազայի մէջ Ռաֆահ քաղաքի դէմ սպասուած յարձակումէն առաջ քաղաքայիններուն ապահով անցք պիտի երաշխաւորէ»:
«Յաղթանակը հասանելի է: Ատիկա պիտի ընենք: Համասի ահաբեկչական վերջին փաղանգները եւ անոնց վերջին կեդրոն Ռաֆահը վերահսկողութեան տակ պիտի առնենք», ըսաւ Նեթանիահու` աւելցնելով. «Մենք ատիկա իրագործելու մանրամասն ծրագիրի պատրաստութեան վրայ կ՛աշխատինք եւ այս հարցին հետ պատահական կերպով չենք վարուիր»:
«Անոնք, որոնք կ՛ըսեն, որ երբեք Ռաֆահ պէտք չէ մուտք գործենք, իրողութեան մէջ մեզի կ՛ըսեն, որ պէտք է պատերազմին մէջ պարտուինք եւ Համասը այդտեղ ձգենք», յայտնեց Իսրայէլի վարչապետը:
Աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են, որ իսրայէլեան բանակը շուրջ երկու շաբթուընէ ի վեր Ռաֆահի վրայ յարձակում շղթայազերծելու համար քաղաքական «կանաչ լոյս»-ին կը սպասէ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ Նեթանիահուի եւ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւիի միջեւ Ռաֆահի գործողութեան շուրջ բուռն վէճեր գոյութիւն ունին` աւելցնելով, որ Նեթանիահու մտադիր է Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութեան ուշացման պատասխանատուութիւնը դնել ապահովական մարմիններու ուսերուն վրայ: Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին, Նեթանիահու պահանջած է Ռամատանէն առաջ քայքայել Ռաֆահի մէջ Համասի փաղանգները:
Համաս շարժումը երէկ զգուշացուց. «Ռաֆահի վրայ որեւէ յարձակում գերիներու փոխանակման բանակցութիւններու ականահարում պիտի նշանակէ»:
«Նեթանիահու կը փորձէ Ռաֆահի մէջ մարդասիրական նոր աղէտի մը ճամբով փախուստ տալ գերիներու փոխանակման մարտահրաւէրներէն», նշեց պաղեստինեան շարժումը:
Պաղեստինեան Համաս շարժումը շաբաթ օր զգուշացուցած էր, որ Ռաֆահի դէմ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնը տասնեակ հազարաւոր քաղաքայիններու կեանքերու կորուստի կրնայ յանգեցնել, եւ ամերիկեան վարչակազմը, միջազգային ընտանիքն ու բռնագրաւումը ամբողջովին պատասխանատու նկատած էր այդպիսի յարձակումի մը հետեւանքներուն համար:
Միացեալ Նահանգներ նախապէս զգուշացուցած էին, որ Իսրայէլ «աղէտ»-ի վտանգ կը դիմագրաւէ, եթէ իր ուժերը ղրկէ Ռաֆահ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել յայտնած էր, որ այդպիսի յարձակումը «բան մը չէ, որուն պիտի զօրակցինք»` աւելցնելով. «Այս պահուս այդպիսի գործողութիւն մը առանց ծրագրաւորման եւ քիչ մտածուած կերպով կատարելը… աղէտ պիտի ըլլայ»:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով զգուշացուց «Կազայի մէջ Ռաֆահ (իսրայէլեան) ներխուժման չափազանց վտանգաւոր հետեւանքներէն»` նշելով. «Ռաֆահ կը ներկայացնէ վերջին ապաստանը հարիւր հազարաւորներու, որոնք ստիպողաբար տեղահանուեցան»:
Նախարարութիւնը կտրուկ կերպով մերժեց պաղեստինցիներուն Կազայէն բռնի տեղահանումը` շեշտելով. «Ապահովութեան խորհուրդը շտապ կերպով պէտք է նիստ գումարէ` Իսրայէլին մարդասիրական աղէտ գործել արգիլելու համար»:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս շաբաթ օր «էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով զգուշացուց իսրայէլեան բանակին կողմէ «մեծաթիւ պաղեստինցի եղբայրներու իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներէն ապաստան դարձած» Ռաֆահ քաղաքի դէմ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու վտանգէն:
Նախարարութեան բանբեր Սֆիան Քուտաթ բացարձակապէս մերժեց պաղեստինցիներու` իրենց հողերուն մէջ կամ հողերէն դուրս տեղահանումը` շեշտելով, որ պէտք է պատերազմին վերջ տալ եւ քաղաքայիններուն պաշտպանութիւնն ու տունդարձը ապահովող անմիջական զինադադար գոյացնել:
Ան նշեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է անյապաղ տէր կանգնի իր պարտաւորութիւններուն` կանխարգիլելու համար կացութեան վտանգաւոր վատթարացումը եւ զինադադար պարտադրելու համար:
Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց իսրայէլեան բանակի` Կազայի վրայ յարձակումի շարունակման եւ Ռաֆահ ներխուժելուն վտանգաւոր հետեւանքներէն:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել մտահոգութիւն յայտնեց Ռաֆահ քաղաքին վրայ յարձակում գործելու իսրայէլեան ծրագիրին նկատմամբ` զգուշացնելով այդ յարձակումին աղէտալի հետեւանքներէն` նշելով, որ 1,4 միլիոն պաղեստինցիներ այժմ այդտեղ կը գտնուին, ապաստանելու համար այլ ապահով վայր չունին եւ դժուար պայմաններ կը դիմագրաւեն:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Եգիպտոսի անվտանգութեան ծառայութենէն երկու աղբիւր, հաղորդեց, որ Եգիպտոս վերջին երկու շաբթուան ընթացքին շուրջ 40 հրասայլ եւ զրահապատ մեքենայ ուղարկած է Սինայի հիւսիս-արեւելք` Կազայի հետ սահման անվտանգութեան ամրապնդման քայլերու ծիրին մէջ:
Տեղակայումը տեղի ունեցած է Կազայի հարաւային Ռաֆահ քաղաքին դէմ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններու ընդլայնման նախօրեակին: Իսրայէլեան ծրագիրները բարձրացուցած են Եգիպտոսի մտավախութիւնները, որ պաղեստինցիները կրնան զանգուածաբար ստիպուած ըլլալ լքել Կազան եւ ապաստանիլ Եգիպտոս:


