Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիտան. «Միացեալ Նահանգներ «Էս-400»-ները Օգտագործած Են Թուրքիան «Էֆ-35»-ներու Ծրագիրէն Դուրս Բերելու Համար»

Փետրուար 6, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը օգտագործած է իբրեւ պատրուակ Թուրքիան «ԷՖ-35» հալածիչներու ստեղծման ծրագիրէն բացառելու համար: Այդ պատճառով Անգարան վնասներ կրած է, եւ թուլացած են անոր գործառնական կարելիութիւնները: Այս մասին թրքական «Ա-հապեր» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:

«ԷՖ-35»-ներու ծրագիրէն հանելու խնդիրը մեր քաղաքականութեան եւ մեր հակաօդային պաշտպանութեան կարելիութիւններու բարելաւման արտացոլումը դարձած է: Մենք չկրցանք ՕԹԱՆ-ի գործընկերներէն ստանալ սպասուող աջակցութիւնը, եւ մենք համաձայնութիւն կնքեցինք Ռուսիոյ հետ «Էս-400»-ներու վերաբերեալ: Ամերիկացիները իրենց իրաւական դաշտին մէջ օգտագործեցին զայն իբրեւ պատրուակ (Թուրքիան «ԷՖ-35»-ներու ծրագիրէն հանելու համար)», ըսած է ան:

Ֆիտան նշած է, որ Թուրքիան «ոչ միայն այդ օդանաւերու պատուիրատուն էր, այլ նաեւ կազմածներ արտադրողներէն մէկը»: «Ֆինանսական վնասներէն բացի մենք կը կորսնցնենք նաեւ գործառնական կարելիութիւններ: Այժմ մենք կ՛աշխատինք, որպէսզի վերացնենք այդ կորուստները: Մեր երկրի համապատասխան գերատեսչութիւնները աշխուժ աշխատանք կը տանին նիւթական վնասի փոխհատուցման ուղղութեամբ», ըսած է նախարարը:

Խօսելով երկրի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ամրապնդման հեռանկարներուն մասին` Ֆիտան նշած է, որ «Էս-400»-ներու վերաբերեալ համաձայնագիրէն ետք զուգահեռ սկսած է սեփական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ներդրումը, յատկապէս փոքր, միջին եւ մեծ հեռահարութեան, «Ռոքեթսան» ընկերութեան «Հիշար» համակարգին օգտագործումով:

«Արդեօք պիտի շարունակուի՞ արեւմտեան երկիրներու հետ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու վերաբերեալ գործընկերութիւնը` չեմ գիտեր: Անոնք պէտք է իրենք մտածեն այդ մասին: Մեր ազգային քաղաքականութիւնը այն է, որ մենք պէտք է ապահովենք հակաօդային պաշտպանութիւնը թէ՛ ներմուծման, թէ՛ ալ ներքին արտադրութեան հաշուոյն», ըսած է Ֆիտան:

Ան նաեւ յայտնած է. «Թուրքիան համաձայն գտնուեցաւ Եգիպտոսին անօդաչու թռչող սարքեր մատակարարելու»:

Ան այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 14 փետրուարին նախատեսուած Եգիպտոս այցելութեան նախօրեակին:

«Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը մեծ մասամբ ամբողջացաւ եւ պիտի պսակուի նախագահ Էրտողանի Եգիպտոս այցելութեամբ», յայտնեց Ֆիտան:

Նախորդը

Ազրպէյճան ԵԱՀԿ-ի Դէտ Մը Արտաքսած Է

Յաջորդը

Ֆիտան Էրտողան-Փութին Սպասուող Հանդիպումի Օրակարգին Մասին Որոշ Մանրամասնութիւններ Կը Հաղորդէ

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?