Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը Դամասկոսի Մէջ Իրանեան Հիւպատոսարանին Վրայ Կատարուած Յարձակումին Վերաբերեալ «Պատշաճ Որոշումները» Որդեգրած Է

April 3, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երկուշաբթի գիշեր ժողով գումարած է եւ Դամասկոսի մէջ իրանեան հիւպատոսարանին վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին վերաբերեալ պատշաճ որոշումները որդեգրած է:

Երկուշաբթի օր իսրայէլեան օդուժին կողմէ Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսարանին վրայ կատարուած յարձակումին պատճառով արձանագրուեցան 11 զոհեր, ներառեալ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի Քուտս զօրամասի Լիբանանի ու  Սուրիոյ մէջ հրամանատար Մոհամետ Ռիտա Զահիտին եւ զօր. Մոհամետ Հատի Հաժիռահիմին եւ Յեղափոխական պահակագունդի 3 այլ բարձրաստիճան անդամներ:

Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպան Հիւսէյն Աքպարի վստահեցուց, որ իր երկիրը «կարծր կերպով պիտի հակադարձէ» յարձակումին, որուն ընթացքին «ԷՖ-35» հալածիչներ 6 հրթիռներ արձակած են հիւպատոսարանի շէնքին վրայ, որ աւերուած է:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց, որ Թեհրան ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ անձամբ պատասխանելու Իսրայէլի օդային հարուածին:

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ու Ապահովութեան խորհուրդին նամակ յղելով յայտնեց, որ Իրան ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ Իսրայէլի վճռական պատասխան տալու:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կը վերապահէ իր օրինական, անօտարելի իրաւունքը` միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան ծիրին մէջ` վճռական պատասխան տալու նման դատապարտելի արարքին», կը նշուի նամակին մէջ:

Իրան նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց «խստօրէն» դատապարտելու Իսրայէլի յարձակումը եւ ձեռնարկելու քայլերու, ներառեալ Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստի հրաւիրելու համար:

Իրանցի դիւանագէտներու կարծիքով` Ապահովութեան խորհուրդի քայլերը պէտք է ուղղուած ըլլան այս յանցագործութեան մեղաւորները անյապաղ պատասխանատուութեան ենթարկելուն:

Իրանի խորհրդարանի դիւանը յայտարարեց, որ Իսրայէլին «վճռականօրէն ու պատշաճ կերպով հակադարձելը ազգային պահանջ է»:

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի մեկնաբանելով յարձակումը յայտնեց. «Սիոնական գոյացութիւնը կը գիտակցի, թէ այս անարգ ոճիրը անպատասխան պիտի չմնայ»:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի իր կարգին ըսաւ. «Չարամիտ սիոնական գոյացութիւնը մեր քաջարի տղոց ձեռքով պիտի պատժուի եւ պիտի զղջայ այս ոճիրին ու անոր նման ոճիրներուն համար»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան շէնքին վրայ կատարուած յարձակումները որակած է միջազգային բոլոր պարտաւորութիւններու եւ հռչակագիրներու խախտում: Ապտոլլահեան նշած է, որ անհրաժեշտ է «միջազգային ընտանիքի կարծր արձագանգը նման յանցաւոր գործողութիւններուն»:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ յարձակումէն ետք արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Իրանի մէջ ամերիկեան շահերու հովանաւոր եղող Զուիցերիոյ դեսպանը, որուն ըսուած է, որ ամերիկեան կառավարութիւնը պատասխանատու է Իսրայէլի արարքին: «Ամերիկեան կառավարութեան կարեւոր պատգամ մը փոխանցուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան սիոնական գոյացութեան հովանաւորն է: Ամերիկան պէտք է պատասխանատուութիւնը կրէ», աւելցուցած է Ապտոլլահեան:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատարներ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանին յայտնած են, որ Սուրիոյ մէջ իրանեան դիւանագիտական համալիրին վրայ իսրայէլեան յարձակումին մէջ «որեւէ դերակատարութիւն չունին» եւ նախապէս անոր մասին տեղեակ չեն եղած: Ըստ պաշտօնատարներու, Իսրայէլ միայն քանի մը վայրկեան առաջ ամերիկեան վարչակազմը տեղեակ պահած է:

Կայքը նշեց, որ իսրայէլեան հետախուզութիւնը կը հետեւէր Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Քուտս զօրամասի հրամանատար Մոհամետ Ռիտա Զահիտիի շարժումներուն:

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի «Թելեկրամ» ալիքի վրայ յայտնեց, որ Մոսկուան Ապահովութեան խորհուրդի բաց նիստ պահանջած է: Նիստը նախատեսուած էր երէկ` Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 22:00-ին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Ռուսիան խստօրէն կը դատապարտէ Սուրիոյ մէջ Իրանի հիւպատոսարանին վրայ կատարուած Իսրայէլի յարձակումը, դիւանագիտական եւ հիւպատոսական կառոյցներու վրայ յարձակումները անընդունելի են»:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Իսրայէլի յարձակողական գործողութիւնները անընդունելի են եւ պէտք է դադրեցուին` աւելցնելով, որ Մոսկուան Իսրայէլի ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` հրաժարելու Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ սադրիչ զինուորական գործողութիւններէն:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Դամասկոսի մէջ իրանեան հիւպատոսարանի թիրախաւորումը միջազգային օրէնքի վտանգաւոր խախտում է եւ դիւանագիտական կեդրոնի անձեռնմխելիութեան վրայ յարձակում»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատարապտեց յարձակումը` աւելցնելով. «Կտրուկ կերպով կը մերժենք որեւէ պատրուակով դիւանագիտական կառոյցներու վրայ յարձակումը»:

Նախորդը

Կազայի Մէջ Մարդասիրական Աշխատանքներ Կատարող Օտարահպատակներ Սպաննուեցան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.