Միացեալ Նահանգները կապ չունին Իսրայէլի կողմէ Իրանի հիւպատոսարանը հարուածելուն հետ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի քաղաքական խորհրդական Ալի Շամխանի յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ անմիջական պատասխանատուութիւն կը կրեն Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան դէմ իսրայէլեան օդուժի հարուածին համար, որուն պատճառով սպաննուած են Յեղափոխական պահակագունդի երկու զօրավարներ:
Լրագրողները Քըրպիէն խնդրած են մեկնաբանել Շամխանիի յայտարարութիւնը:
«Թոյլ տուէք յստակացնել: Մենք ոչ մէկ կապ ունինք Դամասկոսը հարուածելուն հետ: Մենք ատոր մէջ ոչ մէկ մասնակցութիւն ունեցած ենք», պատասխանած է ան:
«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի բանբերը յայտնած է. «Մօտ օրէն Իսրայէլի դէմ աւելի մահաբեր հարուածներ պիտի տեսնենք, եւ Դիմադրութեան ճակատը իր պարտքը պիտի կատարէ»:


