Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Ռաֆահի Դէմ Գործողութեան Կը Նախապատրաստուի

March 29, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը սկսած է գերիներու փոխանակման բանակցութիւններու տապալման պարագային Ռաֆահի դէմ զինուորական գործողութեան շղթայազերծման նախապատրաստութեան:

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ օրերէ ի վեր տեղի կ՛ունենան պաղեստինեան Համաս շարժումին ու Իսրայէլի միջեւ Քաթարի եւ Եգիպտոսի միջնորդութեամբ բանակցութիւններ, որոնք տակաւին զինադադարի հաստատման ու գերիներու փոխանակման գործարքին շուրջ համաձայնութեան չեն հասած:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը դիմած է գործնական քայլերու, որոնց շարքին են քաղաքի մեկուսացումն ու քաղաքայիններու տարհանման պատրաստութիւնը: Պատկերասփիւռի կայանը աւելցուց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հրամայած է Չինաստանէն գնել 40 հազար վրաններ, զանոնք տեղադրելու համար Կազայի մէջ` առ ի պատրաստութիւն Ռաֆահի մէջ ցամաքային գործողութեան:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն վերջերս Նեթանիահուէն խնդրած է իսրայէլացի սպաներու հետ Ռաֆահի շուրջ ծրագիրի մշակման համար ամերիկացի սպաներու այցելութիւնը արտօնել: Պատկերասփիւռի կայանը նախատեսեց, որ ամերիկացի սպաները մօտ օրէն հասնին Իսրայէլ: Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր կարգին նշեց, որ ամերիկացիներուն այդ քայլը անվստահութեան ցուցանիշ է:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Նեթանիահու նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդին յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթ պատուիրակութիւն մը Ուաշինկթըն պիտի ուղարկէ` Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութիւնը քննարկելու համար»:

Փենթակոնի բանբերը Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին կը զօրակցինք, սակայն ոչ ոք Կազայի սահմանէն անդին անցնող պատերազմ մը կ՛ուզէ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Ֆրանսա` երկրի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ քննարկելու համար Ուքրանիոյ օժանդակութեան հարցն ու Կազայի մէջ տագնապի մագլցումը կանխարգիլելու փորձերը: Անիկա Պլինքընի շուրջ 2 տարիէ ի վեր Ֆրանսա առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ:

Նշենք, որ Մաքրոն իր կարգին վերջին անգամ Միացեալ Նահանգներ այցելած է դեկտեմբեր 2022-ին:

Նախորդը

Միլլըր. «Ուքրանիան, Բրիտանիան Եւ Միացեալ Նահանգները «Քրոքուս Սիթի Հոլ»-ի Մէջ Տեղի Ունեցած Ահաբեկչութեան Հետ Կապ Չունին»

Յաջորդը

Զատիկը՝ Յոյսի Վառ Խորհրդանիշ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.