Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Ուաշինկթըն պատուիրակութիւն չուղարկելու որոշումը Համասին յղուած պատգամ էր, որ Իսրայէլի վրայ միջազգային ճնշումը օգուտ պիտի չբերէ»:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին, իսկ հիմնական տարակարծութիւնը գաղթականներուն Կազայի հիւսիս վերադարձի հարցն է: Իսրայէլեան լաւատեղեակ աղբիւր մը յայտնեց, որ գաղթականներու հարցով միջին լուծումի մը հասնիլը կարելի էր, սակայն իսրայէլեան պատուիրակութիւնը լիազօրուած չէր հարցը վճռելու:
Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը ամբաստանեց Իսրայէլի թշնամիներուն կողքին կանգնելու յանցանքով եւ Թել Աւիւի վրայ ճնշում բանեցնելու անոր ջանքերը սխալ որակեց:
Պեն Ղաֆիր «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Պայտըն Քոնկրեսի պաղեստինեան ծագումով անդամ Ռաշիտա Թալիպի եւ Կազայի մէջ Համասի ղեկավար Եահիա Սընուարի ուղղուածութիւնը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ իր ուղղուածութենէն աւելի կը նախընտրէ: Ան ըսաւ, որ կը նախատեսէր, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահը անոնց ծրագիրին չհետեւի, այլ` մեր ծրագիրին»:
Պեն Ղաֆիր յայտնեց, որ Պայտըն շատ կը սխալի Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել ջանալով` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը «շարունակ ձգտեցաւ Իսրայէլի վրայ սահմանափակումներ հաստատել, եւ միւս կողմի, ներառեալ Իսրայէլի քանդումը ուզող շարք մը ահաբեկիչներու իրաւունքներուն մասին խօսիլ»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլին միջազգային ասպարէզի մէջ մեկուսացում եւ գործընկերներու հետ յարաբերութիւններու վատթարացում կը սպառնայ, եթէ Ռաֆահի մէջ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւն սկսի:
«Մենք կը կարծենք, որ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւնը ոչ միայն Պաղեստինի ժողովուրդին վնաս պիտի հասցնէ, ոչ միայն պիտի խաթարէ մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը, այլ նաեւ պիտի վնասէ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան, աւելի պիտի մեկուսացնէ Իսրայէլը միջազգային ասպարէզին մէջ եւ Իսրայէլը աւելի պիտի հեռացնէ միւս երկիրներէն, որոնք երկար ժամանակ եղած են անոր գործընկերները», ըսած է Միլլըր:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնած է, որ անհրաժեշտ է «Համասի պարտութենէն ետք Կազային իշխելու համար տեղական այլընտրանք գտնել»:
Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ Կալանթ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ իր ժողովներուն ընթացքին հաստատած է Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու եւ շրջանին մէջ Իսրայէլի զինուորական գերակայութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Կալանթ Ուաշինկթընի մէջ իր ամերիկացի պաշտօնակից Լոյտ Օսթինի հետ ժողովի ընթացքին յայտնած է, որ պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ գերիներու փոխանակման ձգտող բանակցութիւնները «զինուորական ճնշումի յաւելում» կը պահանջեն:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, երկու կողմերը իրենց հանդիպումի ընթացքին քննարկած են «Համասը պարտութեան մատնելու կռիւին մէջ յառաջընթացը, առեւանգեալներուն վերատիրանալու համար թափուող ջանքերը եւ ռազմավարական անվտանգութեան գործակցութեան ամրապնդումը` կեդրոնանալով շրջանին մէջ Իսրայէլի տեսակարար առաւելութեան պահպանման համար սարքաւորման գործողութիւններուն վրայ:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն 38-ամեայ Անիլ Շելեն, որ Միջին Արեւելքի մէջ մարդկային իրաւանց հարցերու ոլորտին մէջ կ՛աշխատի, հրաժարած է իր պաշտօնէն` իբրեւ բողոք Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան: Ան մէկ տարիէ ի վեր կը վարէր այդ պաշտօնը:
ՄԱԿ-ի Պաղեստինեան հողերու յանձնակատար Ֆրանչեսկա Պանեզի Ժընեւի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Այն, ինչ որ Կազայի մէջ կը տեսնենք, աննախադէպ պատերազմական ոճիրներու խումբ է»` աւելցնելով. «Այն ինչ որ Իսրայէլ կը գործէ, ցոյց կու տայ ամէն ինչ քանդելու անոր մտադրութիւնը, ինչ որ ցեղասպանութիւն կ՛որակուի»:
Յանձնակատարը նշեց, որ Իսրայէլը Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելով ամբաստանող զեկուցում պատրաստելէն ետք շարք մը յարձակումներու ենթարկուած է եւ շարք մը սպառնալիքներ ստացած:


