Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ, նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, անդրադառնալով մերձմոսկովեան «Քրոքուս Սիթի Հոլ» համալիրին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան` յայտարարեց, որ բոլոր մեղսակիցները` անկախ ծագման երկրէն եւ կարգավիճակէն, այսուհետեւ Ռուսիոյ օրինական եւ հիմնական թիրախն են:
«Հոգիի հանգստութիւն բոլոր անմեղ սպաննուածներուն: Իւրաքանչիւրին համար վրէժ պիտի լուծենք: Եւ բոլոր մեղսակիցները` անկախ ծագման երկրէն եւ կարգավիճակէն, այժմ մեր օրինական եւ հիմնական թիրախն են: Սպասեցէ՛ք, վիժուածքներ», թելեկրամեան ալիքին վրայ գրեց Մետվետեւ:
Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ իր կարգին յայտարարեց. «Անկասկած, մարդոց զանգուածային մահերու մեղաւորները անպատիժ պիտի չմնան»:
Փաթրուշեւի կարծիքով` այս իրադարձութիւնը ցոյց կու տայ, որ ահաբեկչութիւնը անվտանգութեան սպառնալիք կը հանդիսանայ:
Յիշեցնենք, որ 22 մարտի երեկոյեան խումբ մը զինեալներ կրակ բացին Մոսկուայի «Քրոքուս Սիթի Հոլ»-ի մէջ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պայթում եւ հրդեհ բռնկեցաւ: Կը հաղորդուի առնուազն 137 զոհի եւ 152 վիրաւորներու մասին:
Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութիւնը յայտարարեց, որ զինեալները ձերբակալուած են Ռուսիոյ Պրիանսք շրջանին մէջ` Ուքրանիոյ հետ սահմանին մօտ, եւ անոնք կը մեկնէին Ուքրանիա, որովհետեւ «այնտեղ կապեր ունին»: Ընդհանուր առմամբ ձերբակալուած են 11 անձեր:
Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Պրիանսքի շրջանին մէջ ձերբակալուած չորս անձերը օտարերկրեայ քաղաքացիներ են»:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի համաձայն, ահաբեկչութեան համար կասկածուողներու օգտին «պատուհան պատրաստուած էր Ուքրանիոյ հետ սահմանը անցնելու համար»:
Ուքրանական հետախուզութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ տարածած վարկածը, թէ Մոսկուայի մարզին մէջ ահաբեկչութեան հեղինակները Ուքրանիա փախուստի կը դիմէին, իրականութեան չի համապատասխաներ:
Նշենք, որ «Ռաշա Թուտէյ» շաբաթ օր հաղորդեց, որ փորձագէտներ յայտնաբերած են, որ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան ուրբաթ օր հրապարակած ՏԱՀԵՇ-ի Մոսկուայի մէջ յարձակումին պատասխանատուութեան ստանձնման յայտարարութիւնը կեղծ է եւ չի համապատասխաներ ահաբեկչական խմբաւորման նախապէս հրապարակած հաղորդագրութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի լրատու գործակալութեան կողմէ չէ հրապարակուած: ՏԱՀԵՇ-ի «Աամաք» լրատու գործակալութիւնը, սակայն, երէկ յարձակումին տեսագրութիւնը հրապարակեց:
Զելենսքի. «Փութին Կը Փորձէ Մոսկուայի Մէջ
Կատարուածը Բարդել Ուրիշին Վրայ»
«Քորրեսփոնտենթ» հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի, անդրադառնալով «Քրոքուս Սիթի Հոլ» համալիրի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան, յայտարարած է. «Ակնյայտ է, որ Փութինն ու միւս տականքները երէկ Մոսկուայի մէջ կատարուածը կը փորձեն ուղղակի բարդել ուրիշին վրայ: Անոնք միշտ նոյն մեթոտները կը կիրարկեն: Նման բան արդէն եղած է` թէ՛ պայթեցուած տուներ, թէ՛ գնդակահարութիւններ, թէ՛ պայթումներ: Եւ անոնք միշտ ուրիշները կը մեղադրեն»:
Ան նշած է, որ ռուսերը Ուքրանիա եկած են, քաղաքները կ՛այրեն եւ կը փորձեն Ուքրանիան մեղադրել:
«Անոնք կը խոշտանգեն, բռնութեան կ՛ենթարկեն ժողովուրդը եւ զանոնք իսկ կը մեղադրեն: Հարիւր հազարաւոր ահաբեկիչներ բերած են այստեղ` ուքրանական հող, անոնք մեր դէմ կը կռուին, եւ իրենց չի հետաքրքրեր, թէ իրենց երկրին մէջ ի՛նչ կը կատարուի: Երէկ այս ամէնը տեղի ունեցած է, եւ այդ ոչնչութիւնը` Փութինը, փոխանակ Ռուսիոյ քաղաքացիներով զբաղելու, անոնց դիմելու, մէկ օր լռեց` մտածելով, թէ ինչպէ՛ս ատիկա ուղղէ Ուքրանիոյ կողմը: Ամէն ինչ շատ կանխատեսելի է», ըսած է Զելենսքի:
«Եւ եթէ ռուսերը պատրաստ են լուռ մեռնիլ «քրոքուսներու մէջ» եւ որեւէ հարցում չուղղել իրենց գաղտնի սպասարկութիւններուն, ապա Փութին պիտի փորձէ նման իրավիճակները օգտագործել իր անձնական իշխանութեան օգտին», եզրափակած է Զելենսքի:
Ահաբեկիչներէն Մէկը Խոստովանած Է,
Որ Եկած Է Թուրքիայէն
«Ռաշա Թուտէյ»-ի գլխաւոր խմբագիր Մարկարիթա Սիմոնեան իր Թելեկրամ ալիքին վրայ հրապարակած է Մոսկուայի մէջ յարձակումին մասնակից ահաբեկիչներէն մէկուն հարցաքննութեան ամբողջական տեսանիւթը:
Ահաբեկիչը պատմած է, որ 4 մարտին եկած է Թուրքիայէն, իսկ ահաբեկչութեան մասնակցելու ցուցմունքը ստացած է շուրջ մէկ ամիս առաջ` «քարոզիչ»-ի մը օգնականէն, որ իրեն հետ կապուած է Թելեկրամի միջոցով:
Ահաբեկիչին համաձայն, զանգուածային սպանութեան համար իրեն առաջարկած են շուրջ կէս միլիոն ռուբլի, սակայն ան միայն կէսը ստացած է, իսկ այդ գումարով քարտը կորսնցուցած է փախուստի ժամանակ:
Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգներ Բուռն Կերպով
Կը Դատապարտեն Մոսկուայի Մէջ Ահաբեկչութիւնը»
Միացեալ Նահանգներ խստօրէն կը դատապարտեն Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը: Շաբաթ օր այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:
«Մենք մեր խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներու ընտանիքներուն, մերձաւորներուն եւ բոլորին, որոնք վնասուած են այս սարսափելի յանցագործութենէն», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Պլինքըն աւելցուց, որ Ուաշինկթըն կը դատապարտէ ահաբեկչութիւնը իր բոլոր դրսեւորումներով եւ համերաշխութիւն կը յայտնէ Ռուսիոյ ժողովուրդին` սգալով զոհուածներուն համար:
Սպիտակ տան բանբեր Քարին Ժան-Փիեռ իր կարգին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ խստօրէն կը դատապարտեն Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած սարսափելի ահաբեկչութիւնը: Մենք մեր խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք անոնց, որոնք կորսնցուցած են իրենց հարազատները եւ անոնց, որոնք վիրաւորուած կամ վնասուած են անմեղ քաղաքային անձերու վրայ այս անարգ յարձակումներուն պատճառով: ՏԱՀԵՇ-ը ահաբեկչական հասարակաց թշնամի է, որ պէտք է ամէնուր պարտուի»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ, ներառեալ Բրիտանիան, Ֆրանսան ու Գերմանիան դատապարտած են ահաբեկչութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Էտրիըն Ուոթսըն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը այդ տեղեկութիւնը փոխանցած էր Ռուսիոյ իշխանութիւններուն` «նախազգուշացման պարտաւորութեան» իր քաղաքականութեան համապատասխան»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», մէջբերելով անոր խօսքերը, կը պարզաբանէ, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները` հաւաքելով յարձակումներու կամ առեւանգումներու մասին հաւաստի տեղեկութիւններ, անոնց մասին կը նախազգուշացնեն այդ երկիրները, որոշ պարագաներու` նոյնիսկ հակառակորդները:
Ամերիկացի պաշտօնատարին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ այս ամսուան սկիզբը Ռուսիոյ հետախուզական տուեալներ փոխանցած էին նախապատրաստուող յարձակումին մասին: Մօտաւորապէս այդ շրջանին Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ամերիկացի քաղաքացիները զգուշացուցած էր` խուսափելու մեծ հաւաքներու, ներառեալ համերգներու մասնակցելէ: