Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքովի այն յայտարարութիւնը, թէ «Քրոքուս Սիթի Հոլ»-ի մէջ կատարուածին ետին կանգնած են Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան եւ Ուքրանիան:
«Այս պնդումները կտրականապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան: Ուքրանիան կապ չունի այդ յարձակումներուն հետ, Բրիտանիան կապ չունի այդ յարձակումներուն հետ, Միացեալ Նահանգները կապ չունին այդ յարձակումներուն հետ», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր: