Մերձմոսկովեան «Քրոքուս Սիթի Հոլ» համալիրին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան ետին կանգնած են Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան եւ Ուքրանիան: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան ղեկավար Ալեքսանտր Պորթնիքով:
«Մենք կը կարծենք, որ ատիկա այդպէս է, ամէն պարագայի, մենք հիմա կը խօսինք այն տուեալին մասին, որ ունինք: Ասիկա ընդհանուր տեղեկատուութիւն է», ըսած է ան` ի պատասխան այն հարցումին, թէ արդեօք ահաբեկչութեան ետին Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան ու Ուքրանիա՞ն կանգնած են:
Ըստ անոր, Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութիւնը գիտէ, որ ուքրանական կողմը Միջին Արեւելքի մէջ զինեալներ պատրաստած է:
«Մենք գիտենք, որ ուքրանական կողմը Միջին Արեւելքի մէջ զինեալներու ուսուցում եւ պատրաստում կատարած է», ըսած է Պորթնիքով:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին յայտնած է. «Կ՛ակնկալեմ, որ դատախազները իրենց լիազօրութիւններու ծիրին մէջ ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի յանցագործները արդար պատիժ ստանան», ըսած է Փութին:
Ան ընդգծած է, որ «Քրոքուս Սիթի Հոլ»-ի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կազմակերպիչները ուզած են խուճապ սերմանել հասարակութեան մէջ, սակայն բախած են ռուսերու միասնութեան եւ չարիքը դիմակայելու վճռականութեան:
Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՛վ կանգնած է յարձակումին ետին` ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութի՞ւնը, թէ՞ Ուքրանիան, ըսած է. «Ի հարկէ, Ուքրանիան»:
Մոսկուայի դատարանը Մոսկուայի մէջ յարձակումը գործող 8-րդ մեղադրեալ մը` Ալիշեր Քասիմովը մինչեւ 22 մայիս կալանաւորելու որոշում տուաւ:
Քննիչներուն տուեալներով` 32 տարեկան Քասիմով վարձով բնակարան յանձնած է յարձակումին մէջ մեղադրուողներէն մէկուն: Դատական նիստի ընթացքին Քասիմով պնդած է, որ տեղեակ չէր վարձակալի` ահաբեկչութեան հետ կապերու մասին:
Քասիմով Ռուսիոյ քաղաքացի է: Ան ծնած է Խըրխըզիստան, այժմ կը բնակի Քրասնոկորսքի մէջ, ունի երեք երեխայ:
Պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, «Քրոքուս Սիթի Հոլ»-ի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան պատճառով զոհերուն թիւը հասած է 139-ի, 182 մարդ տարբեր ծանրութեան վէրքեր ստացած են:
Թրքական ապահովական աղբիւր մը ԱՖՓ-ին յայտնեց, որ Մոսկուայի յարձակումին հարցով ձերբակալուած չորս անձերէն երկուքը` Շամսետին Ֆարիտոնի եւ Ռաշապալիզոտ Սայիտիքրամին իրենց դէմ ձերբակալման միջազգային հրամանագիրի չգոյութեան պատճառով «ազատօրէն» կ՛երթեւեկէին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, եւ 2 մարտին օդանաւով թրքական հողերէն մեկնած են Ռուսիա:
Միլլըր. «Մենք Մոսկուային Մասնաւոր
Նախազգուշացում Փոխանցած Էինք»
Մարտի սկիզբը մենք Ռուսիոյ կառավարութիւնը նախազգուշացուցած ենք Մոսկուայի մէջ ծրագրուած ահաբեկչական յարձակումին մասին, որ յատկապէս կրնայ թիրախաւորել մեծ հաւաքները, ներառեալ համերգները: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:
«Մենք անոնց փոխանցած էինք այդ մասնաւոր նախազգուշացումը, որ համահունչ է մեր պարտականութեան` զգուշացնելու այն պարագային, երբ մենք ունինք, կը տեսնենք կամ կը հաւաքենք ահաբեկչական յարձակումներու կամ հաւանական ահաբեկչութիւններու մասին հետախուզական տուեալներ», ըսած է Միլլըր:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նոյն ատեն չէ բացայայտած ճիշդ ուղիները, որոնց ճամբով իրենք տեղեկութիւն փոխանցած են ռուսական կողմին:
Ան յիշեցուցած է, որ քանի մը ամիս առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իրանը նախազգուշացուցած էր երկրին մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ հաւանական ահաբեկչութեան մասին, ինչ որ հետագային իրականութիւն դարձաւ:
Միլլըր նաեւ աւելցուցած է, որ Ուքրանիան մեղսակից չէ «Քրոքուս Սիթի Հոլ» համալիրին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան` ընդգծելով, որ ատոր վերաբերեալ որեւէ ապացոյց չկայ:
Սպիտակ տունը նախապէս յայտարարած էր. «Ուքրանիան Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ջարդին բացարձակապէս մեղսակից չէ»:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն իր կարգին նշեց. «Ռուսիոյ կողմէ Քրոքուսի յարձակումի պատասխանատուութիւնը Ուքրանիոյ վրայ բեռցնելը ամօթալի պիտի ըլլայ»: