Դիւանագիտական աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ շաբաթ օր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ոչ մնայուն անդամներուն կողմէ ներկայացուած նախագիծի շուրջ քուէարկութիւնը յետաձգուած է այսօրուան` փորձելով խուսափիլ ուրբաթ օրուան ձախողութեան կրկնութենէն, երբ Ռուսիան եւ Չինաստանը վեթոյի ենթարկած էին նոյն հարցով ամերիկեան նախագիծը:
Ալճերիոյ, Մալթայի, Մոզանպիքի, Կույանայի, Սլովենիոյ, Սիերա Լէոնէի, Զուիցերիոյ եւ Էքուատորի կողմէ պատրաստուած նախագիծը կոչ կ՛ուղղէ ռամատան ամսուան ընթացքին գոյացնել անմիջական մարդասիրական զինադադար մը, որ մնայուն զինադադարի կ՛առաջնորդէ, «առանց նախապայմաններու» ազատ արձակել գերիները եւ վերացնել մարդասիրական օժանդակութիւններուն դիմաց «բոլոր խոչընդոտները»:
ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նեփենզիա ուրբաթ օր նշած էր որ Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած ամերիկեան նախագիծը քաղաքականացուած ու անորոշ է, Իսրայէլին «կանաչ լոյս» կու տայ Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու եւ անոր պատիժէ խուսափիլ կ՛արտօնէ:
Ռուսիոյ ներկայացուցիչը աւելցուցած էր, որ Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամները Կազայի վերաբերեալ «ոչ քաղաքականացուած» այլ որոշում մը պատրաստած են:
Չինաստանի դեսպան Չանկ Ճուն իր կարգին ըսած էր, որ Ապահովութեան խորհուրդը Կազայի մէջ զինադադարի դադրեցման որեւէ որոշում չ՛որդեգրեր` աւելցնելով, որ ամերիկեան նախագիծը «անորոշ է» եւ կը խուսափի ամէնէն կեդրոնական հարցէն` զինադադարի հաստատումէն: Ան նշած էր, որ գոյութիւն ունի այլ նախագիծ մը, որ յստակ կերպով Կազայի մէջ զինադադարի հաստատում կը պահանջէ:
Ալճերիոյ դեսպան Ամմար պեն Ժամեհ յայտնած էր, որ ամերիկեան նախագիծի բնագիրը տողատակի «քաղաքայիններու սպանութեան շարունակումը կ՛արտօնէ եւ յստակ երաշխիքներէ զուրկ է»:
Ուաշինկթըն Քանի Մը Օրէն Համաձայնութիւն Գոյացնելու Համար
Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ
Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը նշեց, որ Իսրայէլ համաձայն գտնուած է Միացեալ Նահանգներու առաջարկած լուծումին` աւելցնելով, որ Իսրայէլ այժմ Համասի պատասխանին կը սպասէ: Այս մասին երէկ հաղորդեց «Արապիա»-ն` յղում կատարելով Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին:
Իսրայէլացի այլ պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Համասի դրական պատասխանին պարագային իսրայէլեան պատուիրակութիւնը անմիջապէս Տոհա պիտի վերադառնայ: Իսրայէլեան արտաքին գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի տնօրէն Տաւիտ Պերնիաղ շաբաթ գիշեր վերադարձած էր Իսրայէլ, երկրի ղեկավարութեան Քաթարի մայրաքաղաքին մէջ Համասի հետ անուղղակի բանակցութիւններուն ընթացքին մասին զեկուցելու համար:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլի մէջ այն կարծիքը կայ, որ Համաս գործարքի առաջարկներուն վերաբերեալ իր պատասխանը 48 ժամէն պիտի տայ»:
«Արապիա»-ի համաձայն, ամերիկեան կողմը շաբաթ օր Տոհայի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին ներկայացուցած է առաջարկ մը, որ «կը մօտեցնէ» իւրաքանչիւր իսրայէլացի գերիի դիմաց պաղեստինցի բանտարկեալներու թիւին վերաբերեալ տեսակէտները:
Ամերիկեան կողմը կ՛առաջարկէ Համասի մօտ գտնուող 130 գերիներէն 40-ը ազատ արձակել եւ 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադադար հաստատել, ինչպէս նաեւ առաջարկած է մեղմացնել քաղաքայիններուն Կազայի հիւսիս վերադառնալու նախապայմանները:
Աղբիւրներ «Ժազիրա»-ին յայտնած են, որ իսրայէլեան կողմը մերժած է պատերազմը դադրեցնել, Կազայէն իր ուժերը հեռացնել եւ տեղահանուածներուն առանց նախապայմաններու տունդարձը արտօնել:
Աղբիւրները աւելցուցած են, որ Իսրայէլ պահանջած է իսրայէլացի գերեվարուած զինուոր Կիլաատ Շալիթի ազատ արձակման գործարքէն ետք իր վերստին ձերբակալած գերիներուն վերստին ազատ արձակման դիմաց ազատ արձակել այս պատերազմէն առաջ Համասի կողմէ գերեվարուած իսրայէլացի երկու զինուորներ Հատար Կոլտընն ու Շաուլ Արոնը:
Իսրայէլ նաեւ նշած է, որ իրաւունք պիտի ունենայ գործարքի ծիրին մէջ ազատ արձակուած ցկեանս բանտարկուած պաղեստինցիները վտարելու արտասահման:
Արաբական աշխարհի լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ 40 իսրայէլացիներ ազատ արձակելու եւ 6 շաբթուան զինադադար հաստատելու շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, իսկ տարակարծութիւնը ազատ արձակուելիք պաղեստինցիներու ինքնութեան եւ թիւին շուրջ է, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու` Կազայի հիւսիս վերադարձի հարցին շուրջ:
Մինչ այդ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ երէկ հասաւ Ուաշինկթըն` ընդառաջելով իր ամերիկացի պաշտօնակից Լոյտ Օսթինի հրաւէրին: Անոնք պիտի քննարկեն Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութիւնն ու անոր այլընտրանքները, ինչպէս նաեւ Կազա օժանդակութիւն հասցնելու մարդասիրական ջանքերը:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը նաեւ հաղորդեց, որ Կալանթ հանդիպում պիտի ունենայ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզի հետ:
Արաբական լաւատեղեակ դիւանագիտական աղբիւր մը երէկ «Արապիա»-ին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն, իր արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի ճամբով, յստակ ճնշումներ կը բանեցնէ Թել Աւիւի վրայ` բանակցութիւններու ընթացքին յառաջդիմութիւն արձանագրելու եւ քանի մը օրէն գործարքի շուրջ համաձայնութեան հասնելու համար:
Իսրայէլի պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց. «Պլինքըն Իսրայէլի նախարարաց պատերազմի սեղմ խորհուրդին յայտնեց. «Նոյնիսկ եթէ Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութիւն կատարէք, Համաս պիտի գոյատեւէ»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ժազիրա»-ին յայտնած է, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Կազայի բնակիչներուն հիւսիս վերադառնալու հարցով ճնշում բանեցուցած է Իսրայէլի վարչապետին վրայ` Տոհայի բանակցութիւնները յառաջ մղելու համար:
Պլինքըն վստահեցուցած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին Ռաֆահի մէջ զինուորական որեւէ գործողութեան շղթայազերծումը Ուաշինկթընի աջակցութեան վրայ հետեւանքներ պիտի ունենայ:
Պաշտօնատարը «Ժազիրա»-ին յայտնած է, որ Ռաֆահի գործողութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Պլինքընի միջեւ տարակարծութիւնը լուծուած է ի նպաստ վերջինիս, որ զայն բանակցութիւններն ու Միացեալ Նահանգներու շահերը ականահարող կը նկատէ:
«Պլինքըն Նեթանիահուին երաշխիքներ տուաւ պատերազմին յաջորդող փուլի անոր ռազմավարութեան աջակցելու եւ Իսրայէլի հետ արաբական երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը յառաջ մղելու, եթէ ճկունութիւն ցուցաբերէ», ըսած է ամերիկացի պաշտօնատարը:
Ան նշած է, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնը Տոհա մեկնած է, երբ Պլինքընէն հաւաստում ստացած է բանակցող իսրայէլեան պատուիրակութեան լիազօրութեան ընդլայնման մասին: «Լիազօրութիւնները կը ներառեն Կազայի հիւսիսը հարաւին կապող շրջանէն հեռանալու դասաւորումներու քննարկումը», յայտնած է պաշտօնատարը:
Միւս կողմէ, Իրաքի մէջ Իսլամական դիմադրութիւնը երէկ յայտարարեց, որ կիրակի արշալոյսին անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորած է Թել Աւիւի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղին: