Միջազգային

Թուրքիոյ Յառաջատար Քիւրտ Գործիչները Դատապարտուած Են Երկարատեւ Բանտարկութեան

Թուրքիոյ Յառաջատար Քիւրտ Գործիչները Դատապարտուած Են Երկարատեւ Բանտարկութեան

Թրքական դատարանը 16 մայիսին երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան շարք մը նախկին ղեկավարներ` զանոնք մեղաւոր ճանչնալով հոկտեմբեր 2014-ին երկրի շարք մը քաղաքներու մէջ զանգուածային անկարգութիւններ հրահրելու յանցանքով: Կուսակցութեան նախկին ղեկավար, նախագահութեան նախկին թեկնածու Սելահեթթին Տեմիրթաշը դատապարտուած է 42 տարուան, կուսակցութեան փոխնախագահ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղը` 30, Մարտինի նախկին քաղաքապետ Ահմեթ Թիւրքը` 10 տարուան բանտարկութեան: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

Սպիտակ Տուն. «Աշխատանք Կը Տանինք Ամերիկացի Բժիշկները Կազայէն Դուրս Բերելու Վրայ»

Սպիտակ տան բանբեր Քարեն Ժան Փիեռ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կռիւներու սաստկացման լոյսին տակ աշխատանք կը տանի ամերիկացի բժիշկները Կազայէն դուրս բերելու վրայ: Ժան Փիեռ յայտնեց. «Այդ հարցին մօտէն կը հետեւինք, եւ աշխատանք կը տանինք վնասուած ամերիկացի քաղաքացիները Կազայէն դուրս բերելու վրայ»: Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ այս հարցով ուղղակի կապի մէջ են Իսրայէլի հետ: «Պէտք...

«Ռուսական Ուժերու Յառաջխաղացքը Ուքրանիոյ Դաշնակիցներուն` Համար Ահազանգ Է»  Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

«Ռուսական Ուժերու Յառաջխաղացքը Ուքրանիոյ Դաշնակիցներուն` Համար Ահազանգ Է» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Կրանթ Շափս յայտնեց, որ Խարքովի շրջանին մէջ Ռուսիոյ արձանագրած ձեռքբերումները «ահազանգ»-ի համազօր պէտք է ըլլան: Ան աւելցուց, որ Քիեւի դաշնակիցները «իրենց ուշադրութիւնը շեղեցին» պատերազմի իրադարձութիւններէն: Նշենք, որ ռուսական բանակը Ուքրանիոյ հիւսիս արեւելեան շրջաններուն մէջ յառաջխաղացք արձանագրեցին` օգտուելով ուքրանական բանակին զինուորներու եւ զինամթերքի պակասէն: «Ասիկա պատերազմ մը չէ, որուն կրնաս ամբողջովին ուշադիր ըլլալ, ապա ականջներդ փակես կամ ուշադրութիւնդ...

Եւրոպական Յանձնաժողովը Վրաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ Հրաժարելու «Օտարերկրեայ Ազդեցութեան Թափանցիկութեան Մասին» Օրէնքէն

Եւրոպական Յանձնաժողովը Վրաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ Հրաժարելու «Օտարերկրեայ Ազդեցութեան Թափանցիկութեան Մասին» Օրէնքէն

Եւրոպական յանձնաժողովը եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Ճոզեփ Պորել Վրաստանի իշխանութիւններուն պաշտօնապէս կոչ ուղղած է հրաժարելու «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի հաստատումէն: Օրէնքի ընդդիմախօսները զայն կը նկատեն «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» ռուսական օրէնքի նմանակը: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ օրէնքի վերջնական որդեգրումը բացասաբար պիտի ազդէ Վրաստանի եւրոպական հեռանկարներուն վրայ` չյստակացնելով, թէ խօսքը ի՛նչ հետեւանքներու մասին է: Ըստ Եւրոպական յանձնաժողովին, օրինագիծը...

Փարիզ Պաքուն Կը Մեղադրէ Նոր Քալետոնիոյ Մէջ Անկարգութիւնները Հրահրելու Յանցանքով

Փարիզ Պաքուն Կը Մեղադրէ Նոր Քալետոնիոյ Մէջ Անկարգութիւնները Հրահրելու Յանցանքով

Ֆրանսայի ներքին գործոց եւ անդրծովեան տարածքներու նախարար Ժերալտ Տարմանին Ազրպէյճանը մեղադրած է Նոր Քալետոնիոյ ներքին գործերուն միջամտելու եւ Խաղաղովկիանոսեան կղզիին մէջ անկարգութիւններու հետ կապ ունենալու համար: Այս մասին 16 մայիսին հաղորդած է ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը: Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Ազրպէյճանը, Ռուսիան կամ Չինաստանը կապ ունի՞ն Նոր Քալետոնիոյ մէջ տեղի ունեցող անկարգութիւններուն հետ, նախարարը ըսած է, որ «Ազրպէյճանի...

Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Նախագահները Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Գործընկերութիւնը Խորացնելու Համաձայնութիւններ Ստորագրեցին

Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Նախագահները Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Գործընկերութիւնը Խորացնելու Համաձայնութիւններ Ստորագրեցին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը խորացնելու համաձայնութիւններ ստորագրեցին: Չինաստանի նախագահը Փութինի հետ իր հանդիպումի սկիզբը յայտնեց, որ Չինաստան պատրաստ է Ռուսիոյ հետ կապերը ամրապնդելու, եւ «Չինաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները միայն երկու մեծ պետութիւններուն ի շահ չեն, այլ նաեւ խաղաղութեան նպաստաւոր»: Փութին իր կարգին շեշտեց. «Չինաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները աշխարհի...

Լափիտ. «Գործարք Կնքելն Ու Գերիները Վերադարձնելը Ռաֆահի Մէջ Գործողութենէ Մը Կարեւոր Են»

Լափիտ. «Գործարք Կնքելն Ու Գերիները Վերադարձնելը Ռաֆահի Մէջ Գործողութենէ Մը Կարեւոր Են»

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Գործարք կնքելն ու գերիները վերադարձնելը Ռաֆահի մէջ գործողութենէ մը կարեւոր են»: Լափիտ նախապէս Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն մեղադրած էր ամերիկեան վարչակազմին Իսրայէլի որոշ տիպի զէնքի մատակարարման առկախման եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի այն խօսքին համար, թէ իր երկիրը պիտի դադրեցնէ զէնքերու մատակարարումը, եթէ իսրայէլեան բանակը Ռաֆահ...

Սպիտակ Տուն. «Միացեալ Նահանգները Կրնան Հիմնովին Վերատեսութեան Ենթարկել Վրաստանի Հետ Յարաբերութիւնները»

Սպիտակ Տուն. «Միացեալ Նահանգները Կրնան Հիմնովին Վերատեսութեան Ենթարկել Վրաստանի Հետ Յարաբերութիւնները»

Ուաշինկթըն կրնայ «հիմնովին վերատեսութեան ենթարկել» Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները, եթէ վերջնականապէս ընդունի «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքը: Այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քարին Ժան Փիեռ: Ան շեշտած է, որ այս շաբաթավերջին բոլորը տեսան Վրաստանի պատմութեան մէջ մեծագոյն բողոքի ցոյցերը` տասնեակ հազարաւոր խաղաղ ցուցարարներով, որոնք իրենց կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէին դէմ կանգնիլ այս օրէնքին, որովհետեւ եւրատլանտեան ապագայ կ՛ուզեն: «Մենք պիտի նայինք,...

Սլովաքիոյ Վարչապետը  Մահափորձի Ենթարկուեցաւ

Սլովաքիոյ Վարչապետը Մահափորձի Ենթարկուեցաւ

Երէկ զինուած յարձակման ենթարկուած է Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիցոն, այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով տեղական լրատուամիջոցները: Կը հաղորդուի, որ զինուած միջադէպը տեղի ունեցած է մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայէն դուրս, երբ Ֆիցոն դուրս կու գար շէնքէն, ուր կառավարութիւնը արտակարգ նիստ կը գումարէր: Վարչապետին ուղղութեամբ չորս կրակոց արձակուած է, անոնցմէ ոմանք` որովայնին: Վարչապետի կեանքին վտանգ կը սպառնայ: Կրակոցներ արձակողը ձերբակալուած է:

Քաթարի Վարչապետ. «Կազայի Մէջ Զինադադարի  Շուրջ Բանակցութիւնները  Գրեթէ Սառած Վիճակի Մէջ Են»

Քաթարի Վարչապետ. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Շուրջ Բանակցութիւնները Գրեթէ Սառած Վիճակի Մէջ Են»

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտնեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւնները գրեթէ սառած վիճակի մէջ են, եւ այն, ինչ որ Ռաֆահի մէջ տեղի ունեցաւ, ուշացուց բանակցութիւնները: «Իսրայէլեան կողմին մօտ անորոշութիւն կայ պատերազմը դադրեցնելու կերպին շուրջ», նշեց ան: «Կազայի վերակառուցումը 40-էն 50 միլիառ տոլարի կը կարօտի», նշեց Քաթարի վարչապետը` աւելցնելով. «Կազայի մէջ մեր տեսած...

Ռուսական Ուժերը Խարքովի Մարզին Մէջ  Ուքրանական Բանակի Պաշտպանական  Գիծերու Խորքը Կը Յառաջանան

Ռուսական Ուժերը Խարքովի Մարզին Մէջ Ուքրանական Բանակի Պաշտպանական Գիծերու Խորքը Կը Յառաջանան

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուսական ուժերը Խարքովի մարզին մէջ յաւելեալ գիւղ մը առած են իրենց վերահսկողութեան տակ: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք»-ը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ ռուսական ուժերը Խարքովի մարզին մէջ ուքրանական բանակի պաշտպանական գիծերու խորքը կը յառաջանան եւ կ՛ամրապնդեն իրենց դիրքերը: Խարքովի մարզէն` Վոլչանսքիէն եւ շրջակայ բնակավայրերէ աւելի քան 7 հազար մարդ հեռացուած է: «Ազատութիւն»...

«Յառաջիկային Շահագործման  Պիտի Յանձնուի Իգդիր-Նախիջեւան  Կազի Խողովակաշարը»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը

«Յառաջիկային Շահագործման Պիտի Յանձնուի Իգդիր-Նախիջեւան Կազի Խողովակաշարը» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքթար յայտնած է, որ յառաջիկայ ձմրան Նախիջեւան բնական կազ պիտի մատակարարուի Թուրքիոյ տարածքով: Յառաջիկային կը նախատեսուի շահագործման յանձնել Իգդիր-Նախիջեւան կազի խողովակաշարը: «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ի համաձայն, ան նաեւ աւելցուցած է, որ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է թուրքմենական բնական կազի` Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքով Թուրքիա փոխադրման շուրջ:  

Նեթանիահու. «Վճռած Ենք Բացարձակ Յաղթանակ Արձանագրել, Եւ Պատերազմին Յաջորդող Օրուան Մասին Խօսելէ Առաջ Պէտք Է Ոչնչացնել Համասը»

Նեթանիահու. «Վճռած Ենք Բացարձակ Յաղթանակ Արձանագրել, Եւ Պատերազմին Յաջորդող Օրուան Մասին Խօսելէ Առաջ Պէտք Է Ոչնչացնել Համասը»

«Վճռած ենք բացարձակ յաղթանակ արձանագրել, եւ մեր ամբողջ ուժով պիտի հարուածենք ու Կազայէն գերիները վերադարձնելու որեւէ ջանք պիտի չխնայենք», յայտարարեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու: Նեթանիահու նաեւ շեշտեց. «Պատերազմին յաջորդող օրուան մասին խօսելէ առաջ, պէտք է Համաս շարժումը ոչնչացնել»: Իսրայէլի վարչապետը ամերիկացի լրագրող Տեն Սինորի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, խօսելով «պատերազմին յաջորդող օրուան» մասին, ըսաւ. «Մենք կը քննարկենք ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավարները արտաքսելու...

Էրտողան. «Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպան Իսրայէլին Զինադադարին Համաձայնիլ Ստիպելու Համար Բաւարար Ջանք Չեն Գործադրեր»

Էրտողան. «Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպան Իսրայէլին Զինադադարին Համաձայնիլ Ստիպելու Համար Բաւարար Ջանք Չեն Գործադրեր»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու եւրոպական երկիրները բաւականաչափ ջանքեր չեն գործադրեր Իսրայէլին ստիպելու համաձայնիլ Կազայի մէջ կրակի դադրեցման այն բանէն ետք, երբ պաղեստինեան Համաս խմբաւորումը ընդունած է զինադադարի առաջարկը: Այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները: Պոլսոյ մէջ իսլամ գիտնականներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան ըսած է, որ Համաս ընդունած է Քաթարի եւ Եգիպտոսի...

Լաւրով. «Եթէ Արեւմուտքը Կ՛ուզէ Ուքրանական Տագնապը Մարտի Դաշտին Մէջ Լուծել, Ուրեմն Մարտի Դաշտին Մէջ Պիտի Ըլլայ»

Լաւրով. «Եթէ Արեւմուտքը Կ՛ուզէ Ուքրանական Տագնապը Մարտի Դաշտին Մէջ Լուծել, Ուրեմն Մարտի Դաշտին Մէջ Պիտի Ըլլայ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ըսած է, որ եթէ արեւմտեան երկիրները կ՛ուզեն ուքրանական ճգնաժամը լուծել մարտի դաշտին մէջ, Ռուսիան պատրաստ է ատոր: Այս մասին կը հաղորդէ «Քոմերսանթ»-ը: «Ատիկա անոնց իրաւունքն է, եթէ անոնք կ՛ուզեն մարտի դաշտին մէջ, մարտի դաշտին մէջ պիտի ըլլայ», ըսած է Լաւրով` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վերանշանակուելուն վերաբերեալ Դաշնակցային խորհուրդին մէջ խորհրդակցութիւններու ժամանակ: Խօսելով Ուքրանիոյ...

Փութին Շոյկուն Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար Նշանակեց

Փութին Շոյկուն Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար Նշանակեց

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին առաջարկած է պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին նշանակել առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը վարող Անտրէյ Պելոուսովը: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդը: Մինչեւ վերջերս պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը վարած Սերկէյ Շոյկուն պիտի դառնայ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար` փոխարինելով Նիքոլայ Փաթրուշեւը: Քրեմլինի կայքը կը հաղորդէ, որ Փաթրուշեւ իր պաշտօնէն ազատուած է` այլ աշխատանքի անցնելուն պատճառով:

Պայտըն. «Վաղը Կազայի Մէջ Զինադադար Պիտի Ըլլայ, Եթէ Համաս Գերիները Ազատ Արձակէ»

Պայտըն. «Վաղը Կազայի Մէջ Զինադադար Պիտի Ըլլայ, Եթէ Համաս Գերիները Ազատ Արձակէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կարծիքով` Կազայի մէջ «վաղը զինադադար պիտի ըլլայ, եթէ Համաս գերիները ազատ արձակէ»: «Իսրայէլ յայտնեց, որ հարցը ձգուած է Համասի կամքին, եւ կրնայ հարցը վաղը փակել, եւ զինադադար պիտի սկսի», նշեց ան: Նշենք, որ Համաս համաձայն գտնուած էր եգիպտական առաջարկին, որ Կազայի զինադադար եւ գերիներու ազատ արձակում կը ներառէ, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մերժեց զայն:...

Նեթանիահու. «Կը Յուսամ Կարողանալ Պայտընի Հետ Մեր Տարակարծութիւնները Շրջանցել, Սակայն Իսրայէլ Պատրաստ Է Կազայի Պատերազմին Մէջ Առանձին Կանգնելու»

Նեթանիահու. «Կը Յուսամ Կարողանալ Պայտընի Հետ Մեր Տարակարծութիւնները Շրջանցել, Սակայն Իսրայէլ Պատրաստ Է Կազայի Պատերազմին Մէջ Առանձին Կանգնելու»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յոյս յայտնեց, որինք եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կը կարենան շրջանցել Կազայի մէջ պատերազմին վերաբերեալ իրենց տարակարծութիւնները: Ան այս մասին յայտարարած է Իսրայէլին ամերիկեան կարգ մը զէնքերու մատակարարման առկախման լոյսին տակ: Նեթանիահու «Տաքթըր Ֆիլ Փրայմ Թայմ» յայտագիրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Շատ յաճախ համաձայն էինք, սակայն մերմիջեւ նաեւ տարակարծութիւններ կային, եւ կրնայինք զանոնք յաղթահարել: Կը...

Միլլըր. «Միացեալ Նահանգներ Յառաջիկայ Քանի Մը Շաբթուան Ընթացքին Զէնքի Եւ Սպառազինութեան Նոր Քանակներ Պիտի Ուղարկեն Ուքրանիա»

Միլլըր. «Միացեալ Նահանգներ Յառաջիկայ Քանի Մը Շաբթուան Ընթացքին Զէնքի Եւ Սպառազինութեան Նոր Քանակներ Պիտի Ուղարկեն Ուքրանիա»

Միացեալ Նահանգները յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին զէնքի եւ սպառազինութեան նոր քանակներ պիտի ուղարկեն Ուքրանիա: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:

«Մաքրոն Վտանգաւոր Է Եւ Դարմանումի  Ենթարկուելու Կարիք Ունի»  Կ՛ըսէ Իտալիոյ Փոխվարչապետը

«Մաքրոն Վտանգաւոր Է Եւ Դարմանումի Ենթարկուելու Կարիք Ունի» Կ՛ըսէ Իտալիոյ Փոխվարչապետը

Իտալիոյ փոխվարչապետ Մաթէօ Սալվինի յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «մեր երկրին ու ցամաքամասին համար վտանգ կը ներկայացնէ», եւ ան «դարմանումի ենթարկուելու» կարիք ունի: Սալվինի այս մասին յայտարարեց` մեկնաբանելով Մաքրոնի` Իտալիոյ նախկին վարչապետ Մարիօ Մոնթիի Ռուսիոյ դէմ կռուելու համար արեւմտեան ուժեր Ուքրանիա ուղարկելու կարելիութեան մասին խօսքը: «Անոնք դարմանումի կարիք ունին: Անոնք, որոնք այս կարծիքը ունին, եւ զայն կ՛ըսեն, կարծէք բնական...

Page 157 of 882 1 … 156 157 158 … 882

Արխիւներ