Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լափիտ. «Գործարք Կնքելն Ու Գերիները Վերադարձնելը Ռաֆահի Մէջ Գործողութենէ Մը Կարեւոր Են»

May 16, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Գործարք կնքելն ու գերիները վերադարձնելը Ռաֆահի մէջ գործողութենէ մը կարեւոր են»:

Լափիտ նախապէս Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն մեղադրած էր ամերիկեան վարչակազմին Իսրայէլի որոշ տիպի զէնքի մատակարարման առկախման եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի այն խօսքին համար, թէ իր երկիրը պիտի դադրեցնէ զէնքերու մատակարարումը, եթէ իսրայէլեան բանակը Ռաֆահ ներխուժէ:

Ան ըսաւ, որ ամերիկեան քայլին պատճառը «Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ ձախող կառավարումն է»: Ան բացատրեց, թէ Նեթանիահուի կառավարութիւնը «քննարկումները հասարակական հարթակ փոխադրեց… Ատոր ձախողութիւնն ու պատերազմի ժամանակ ընդհանուր տարակարծութեան վերածուելուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը կառավարութիւնը կը կրէ»:

«Պէտք չէր այստեղ հասնէինք: Ամերիկացիները մեզի 14 միլիառ տոլար տալէն մէկ վայրկեան ետք, վարչապետը Ողջակիզման ոգեկոչման ընթացքին ոտքի կանգնեցաւ եւ ըսաւ.«Եթէ Իսրայէլ պէտք է  առանձին կանգնի, այդ մէկը պիտի ընէ»: Ամերիկացիները ատկէ վիրաւորուած զգացին», աւելցուց իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավարը:

Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն վեթոյի պիտի ենթարկէ Իսրայէլի ապահովական օժանդակութիւններ տրամադրելու օրինագիծը, եթէ Քոնկրեսին կողմէ որդեգրուի:

«Պիտի երաշխաւորենք, որ Իսրայէլ ինքզինք պաշտպանելու համար կարիք ունեցածը միշտ ունենայ, սակայն օրինագիծը պիտի ականահարէ նախագահին ազդու արտաքին քաղաքականութիւն վարելու կարողութիւնը», նշեց Սպիտակ տունը:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը գրեց, թէ վերջին գործողութիւնները ի յայտ բերած են, որ Համասի ենթակառոյցին վերաբերեալ իսրայէլեան բանակի գնահատականները ճիշդ չեն, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան բանակի զինուորներուն մեծամասնութիւնը կը կարծեն, որ Ժապալիայի մէջ գործողութիւնը անհեթեթ է:

«Հաարեց» նշեց, որ Համաս իր կարողականութիւնը մեծ արագութեամբ կը վերականգնէ եւ Կազայի տարբեր շրջաններու մէջ վերստին կը հաստատուի:

Ամերիկացի չորս պաշտօնատարներ ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթին յայտնեցին. «Կազայի մէջ իսրայէլեան ներկայ գործողութիւնները Համաս շարժումին կեանք կը ներարկեն, ինչպէս նաեւ համաձայն ենք այն կարծիքին, թէ անհաւանական է, որ Իսրայէլ Կազայի մէջ ամբողջական յաղթական արձանագրէ»:

Փենթակոն յայտարարեց, որ Կազայի օժանդակութիւն տեղափոխելու համար ամերիկեան բանակին կառուցած ծփացող նաւահանգիստը «յառաջիկայ օրերուն» պիտի սկսի գործել: Այդ քայլը անցեալ շաբաթ յետաձգուած էր կլիմայական վատ պայմաններուն պատճառով: Ծփացող նաւահանգիստին կառուցման գինը առնուազն 320 միլիոն տոլար է:

Նախորդը

Սպիտակ Տուն. «Միացեալ Նահանգները Կրնան Հիմնովին Վերատեսութեան Ենթարկել Վրաստանի Հետ Յարաբերութիւնները»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական  Սպառնալիք Չկայ»
Միջազգային

Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական Սպառնալիք Չկայ»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.